Կառավարութիւնը նիւթապէս պիտի աջակցի Ռուսաստանի սահմանափակումներուն հետեւանքով տուժած ընկերութիւններուն
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ կառավարութիւնը նիւթապէս պիտի աջակցի Ռուսաստանի կիրարկած սահմանափակումներուն հետեւանքով տուժած գործարարներուն ու ընկերութիւններուն։
Վարչապետը տեղեկացուցած է, որ հաստատութիւններու ներկայացուցիչները այլ շուկաներ արտածելու հարցով հանդիպումի մը մասնակցած են, եւ արդէն իսկ համաձայնութիւններ գոյացած են։
“Երբեմն կ՚ըլլան ապրանքներ, որոնք որակի չափանիշերուն չեն համապատասխաներ։ Մենք պիտի աջակցինք այդ գործարարներուն, որպէսզի իրենց ապրանքները համապատասխանեն որակի նոր չափանիշերուն։ Իսկ միւսներուն պարագային, երբ կայ անարդարութիւն, պիտի իրականացնենք աջակցութեան ծրագրեր. այն ապրանքներուն համար, որոնք պէտք է արտածուէին ու չեն արտածուած, նիւթապէս պիտի աջակցինք, որպէսզի մեր տնտեսութեան մէջ տուժողներ չըլլան”,– յայտարարած է վարչապետը։
Նշենք, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ, Ռուսաստան սահմանափակած է հայկական շարք մը ապրանքներու մուտքը իր շուկան՝ որակական անհամապատասխանութեան պատճառաբանութեամբ կամ աւելի ճիշդ՝ պատրուակով։
Մինչ Մոսկուան գրեթէ ամէն օր կը յիշեցնէ Հայաստանին, որ չի կրնար Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) հետ յարաբերութիւնները խորացնելու զուգահեռ նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ մնալ, ԵԱՏՄ-ի միւս անդամ երկիրներու՝ Պելառուսի, Ղազախստանի եւ Քիրկիզստանի ղեկավարները, միանալով Փութինին, կոչ կ՚ընեն Հայաստանի մէջ կողմնորոշման հանրաքուէ կազմակերպելու։ Միւս կողմէ, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարը կը պնդէ, թէ խնդիրները արուեստական են եւ պիտի լուծուին խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք։
Վարչապետ Փաշինեանն ալ վերջերս հաւաստած էր, որ Հայաստան պիտի մնայ ԵԱՏՄ-ի կազմին մէջ՝ Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ղազախստանի եւ Քիրկիզստանի հետ. “Մենք պիտի շարունակենք հանգիստ, հանդարտ, առանց ջղագրգռութեան եւ առանց վիճաբանութեան աշխատիլ ԵԱՏՄ-ի մէջ։ Ես համոզուած եմ, որ մենք այս ուղղութեամբ տակաւին ներուժ ունինք, զոր յառաջիկային պիտի օգտագործենք”։
***
Նշենք, որ Ռուսաստան, հայկական արտադրանքի ներածման նկատմամբ վերջին շրջանին կիրարկած իր գրեթէ ամէնօրեայ սահմանափակումներուն վրայ նոր մը եւս աւելցնելով, յայտարարած է, որ Յունիս 2-էն սկսեալ պիտի սահմանափակուի նաեւ Հայաստանէն առաքուող կորիզաւոր պտուղներուն ներածումը։
