Իրան կը սպառնայ կասեցնել բանակցութիւնները, եթէ Իսրայէլ շարունակէ յարձակումները Լիբանանի վրայ
Թրամփ զինադադարի յոյսեր կը ներշնչէ
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցային գործընթացը հակասական յայտարարութիւններու առանցք դարձած է։ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմէտ Պաղեր Ղալիպաֆ լիբանանցի իր պաշտօնակից Նեպիհ Պըրրիի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թեհրան պիտի դադրեցնէ Ուաշինկթընի հետ երկխօսութիւնը, եթէ Իսրայէլ շարունակէ Լիբանանի վրայ յարձակումները։
Իրանական կիսապաշտօնական «Թասնիմ» («Tasnim») գործակալութիւնն ալ հաղորդած է, որ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան գործողութիւններուն եւ հրադադարի խախտումներուն պատճառով իրանեան բանակցային խումբը կը դադրեցնէ միջնորդներու ճամբով ԱՄՆ-ու հետ հաղորդագրութիւններու փոխանակումը։ Ըստ նոյն աղբիւրին՝ դիմադրութեան ճակատն ու Իրանը որոշած են ամբողջութեամբ շրջափակել Հորմուզի նեղուցը եւ աշխուժացնել Պապ էլ-Մանտէպի նեղուցի ճակատը, թէեւ Թեհրան պաշտօնապէս չէ հաստատած այս տեղեկութիւնը։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին դատապարտած է Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ հրադադարի խախտումները՝ պատասխանատւութիւնը բարդելով Ուաշինկթընի վրայ։
Հակառակ իրանեան այս պնդումներուն, ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւաստած է, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները շատ արագ թափով կը շարունակուին։ «NBC» կայանին տուած հարցազրոյցին՝ ան նշած է, որ Թեհրանէն բանակցութիւնները դադրեցնելու մասին պաշտօնական տեղեկութիւն չէ ստացած, եւ իր սեփական ընկերային ցանցին՝ «Truth Social»-ի վրայ կատարած գրառումներով վստահեցուցած է, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կ՚ակնկալէ Իրանի հետ հասնիլ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման եւ հրադադարի երկարաձգման համաձայնութեան։ Թրամփ նաեւ յայտնած է, որ միջնորդուած դրական զրոյց ունեցած է «Հեզպալլահ»-ին հետ, եւ կողմերը համաձայնած են դադրեցնել կրակը. լուր մը, զոր հաստատած է նաեւ Լիբանանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանատունը՝ աւելցնելով, որ փոխադարձ հրադադարի ամերիկեան առաջարկը վաւերացուած է Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի եւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հեռաձայնային զրոյցէն ետք։
Մինչ այդ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ Նեթանիահու Թրամփին տեղեկացուցած է, թէ եթէ «Հեզպալլահ» չդադրեցնէ յարձակումները, Իսրայէլ պիտի հարուածէ Պէյրութի ահաբեկչական թիրախները։ Միեւնոյն ժամանակ հաստատուած է, որ իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ իր գործողութիւնները Լիբանանի հարաւը՝ նախապէս ճշդուած ծրագրին համաձայն։
Նշենք, որ այս իրադարձութիւններէն հազիւ մէկ օր առաջ՝ Յունիս 1-ին, Թրամփ յայտարարած էր, թէ Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է եւ վստահեցուցած, որ իսրայէլեան զօրքերը մուտք պիտի չգործեն Պէյրութ։
Եթէ յաւելեալ ապացոյցի պէտք կար, ահա փաստ մը եւս, որ ԱՄՆ-ու նախագահին յայտարարութիւններուն պէտք չէ վստահիլ որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն, այլ՝ ընդհակառակը։
