Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի պաշտօնին՝ Ֆլորիան Էսքիւտիէն պիտի փոխարինէ Օլիվիէ Տըքոթինյին

Ֆլորիան Էսքիւտիէ

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին, որ կը բնութագրուի որպէս բացառիկ դիւանագէտ եւ մարդ, Յունիսին կ՚աւարտէ իր պաշտօնավարութեան շրջանը։

Ըստ «Intelligence Online» պարբերականին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ Քէ տ’Օրսէն, արդէն իսկ ընտրած է նոր դեսպանը՝ յանձին Ֆլորիան Էսքիւտիէն (Florian Escudié)։ Ան տակաւին կը սպասէ հիւրընկալող երկրի դիւանագիտական հաւանութեան, ինչ որ սակայն պարզ ձեւականութիւն մը կը նկատուի։

Նորանշանակ դիւանագէտը մասնագիտացած է առցանց անվտանգութեան (cyber-sécurité) եւ ռազմավարական հարցերու մէջ։ Ան արդէն ծանօթ է «հայկական թղթածրար»-ին. Բանակներու նախարարութեան մէջ իր նախորդ պաշտօնավարութեան ընթացքին Էսքիւտիէ սերտօրէն աշխատած է Ֆրանսայի Արտաքին անվտանգութեան գլխաւոր տնօրէնութեան (DGSE) ղեկավար Նիքոլա Լեռնէրի հետ, որ նոյնպէս մօտէն կը զբաղի հայկական հարցերով։