Ալեքսան Ալեքսանեան ձերբակալուած է
Քննչական կոմիտէն բացայայտած է հաւաքներու համար անձեր նիւթապէս շահագրգռելու եւ դրամի լուացման դէպք
Հայաստանի Քննչական կոմիտէն (ՔԿ) կը յայտնէ, որ բացայայտուած է բազմաթիւ անձեր նիւթապէս շահագրգռելու եւ առանձնապէս մեծ չափով դրամի լուացման դէպք մը։ Այս ծիրէն ներս ձերբակալուած է «Ուժեղ Հայաստան»-ի աջակից Ալեքսան Ալեքսանեանը։
Ըստ Քննչական կոմիտէին՝ Ալեքսանեան, հանդիսանալով «Մեր ձեւով ազգային արժէքներու պահպանութիւն» հասարակական կազմակերպութեան (ՀԿ) հիմնադիրն ու ղեկավարը, 2025 Սեպտեմբերէն մինչեւ 2026 Մայիս, ձեւականօրէն աշխատանքի ընդունած է շուրջ 1400 քաղաքացիներ՝ զանոնք ներգրաւելով Սամուէլ Կարապետեանի աջակիցներուն, «Մեր ձեւով» ՀԿ-ին եւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան կազմակերպած հաւաքներուն ու ցոյցերուն։ Այդ 1400 հոգիէն աւելի քան 400-ը միաժամանակ աշխատած են նաեւ այլ ընկերութիւններու մէջ։
2025 Հոկտեմբեր 8-էն մինչեւ 2026 Մարտ 31, «Մեր ձեւով» ՀԿ-ի դրամատնային հաշիւներուն, Սամուէլ Կարապետեանի հետ փոխկապակցուած «Տաշիր» բարեսիրական հիմնադրամէն, ինչպէս նաեւ «Ինթեկօ Էներկօ» եւ «Տաշիր Գափիթալ» ընկերութիւններէն, որպէս «նուիրատւութիւն» եւ «փոխառութեան տրամադրում» փոխանցուած է ապօրինի գործունէութեամբ ձեռք բերուած շուրջ 1,6 միլիառ դրամ, 230 հազար եւրօ եւ 75 հազար ամերիկեան տոլար։
Հաղորդագրութեան համաձայն, Ալեքսան Ալեքսանեան հասարակական կազմակերպութեան հաշիւներուն փոխանցուած գումարներէն որպէս աշխատավարձ եւ անոր հաւասարեցուած այլ վճարումներ՝ յատկացուցած է 703 միլիոն 835 հազար 953 դրամ, իսկ որպէս քաղաքացիաիրաւական պայմանագրով աշխատանքի վարձատրութիւն՝ 59 միլիոն 428 հազար 521 դրամ. ընդհանուր առմամբ յատկացուած է 763 միլիոն 264 հազար 474 դրամ։
Քննչական կոմիտէին համաձայն՝ գործի ծիրէն ներս հարցաքննուած է շուրջ 500 հոգի։ Ալեքսան Ալեքսանեանի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ հաւաքներու մասնակցելու նպատակով անձեր նիւթապէս շահագրգռելու եւ առանձնապէս մեծ չափի դրամ լուալու յօդուածներով։ Ան ձերբակալուած է։
