Փալեզոյի մէջ՝ «Հայաստանի մշակութային օրեր»-ը
Քաղաքապետ Կրեկուար տը Լասթերի (ձախէն երկրորդը) կ՚այցելէ տաղաւարները
Փարիզեան հարաւային արուարձաններէն Փալեզոյի մէջ զանազան ձեռնարկներով նշուեցան եւ կը շարունակեն նշուիլ «Հայաստանի մշակութային օրեր»-ը։ Այս ծիրէն ներս, Շաբաթ, Մայիս 30-ին, մեծ խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ այցելուներու առջեւ իր դռները բացաւ Հայկական մշակութային աւանը։

Քաղաքի «Յաղթանակ» (Place de la Victoire) հրապարակին վրայ կայացած այս տօնախմբութիւնը արդէն իսկ իր հաստատուն եւ պատուոյ տեղը գտած է Փալեզոյի մշակութային համայնապատկերին մէջ։ Այս տարուան ձեռնարկը իրականութիւն դարձաւ Ֆրանսահայերու միութեան, «SOS Chrétiens d’Orient» կազմակերպութեան, «NUR»-ի, «Արմէնոփոլ»-ի (Armenopole) եւ Փալեզոյի քաղաքապետարանի միացեալ ջանքերով ու աջակցութեամբ։

Համերգներու, արհեստագործական նմուշներու ցուցադրութեան, աւանդական խոհանոցի համտեսի, ինչպէս նաեւ ազգային տարազներու ներկայացման ընդմէջէն, բազմահարիւր այցելուներ կարելիութիւն ունեցան ծանօթանալու հազարամեայ հարուստ մշակոյթի մը եւ վերանորոգելու երկու ժողովուրդները միացնող բարեկամութեան անքակտելի կապերը։
