Ըստ Գագիկ Ծառուկեանի՝ «տնտեսական ճգնաժամը կարգաւորելը մէկ օրուան հարց է»
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը Յունիս 4-ին իր քարոզարշաւը կատարած է Երեւանի մէջ։ Կուսակցութեան համակիրները Մատենադարանէն երթով քալած են դէպի Ազատութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցած է ԲՀԿ-ի հանրահաւաքը։
Ելոյթ ունեցած է կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան։ Անդրադառնալով գործող իշխանութեան՝ ան ըսած է. “8 տարի սպասելէ ետք, ժողովուրդը հիասթափուած է։ Այսօր 36 թուականի օրէնքներ կը գործեն. բան չխօսիս, չարտայայտուիս։ Ժողովուրդը խեղճացած է, պատերու տակ կանգնած, պարտքի ու վարկի տակ. չեն համարձակիր խօսիլ, որովհետեւ կա՛մ գործէ կը հանեն, կա՛մ տնային կալանքի կ՚ենթարկեն”։
Խօսելով խաղաղութեան մասին՝ ԲՀԿ-ի առաջնորդը պնդած է, թէ «մենք խաղաղութիւն չունինք, ատիկա թելադրանք է։ Անոնք, իրենց պայմանաւորուածութիւններէն ամչնալով՝ կ՚ըսեն, թէ 300 հազար ազերպայճանցիներու վերադարձի հարց չկայ։ Լսեցէ՛ք Ալիեւի ելոյթը, թէ ինչպէս կ՚ուզեն ‘Արեւմտեան Ազերպայճան’ կառուցել։ Ատիկա մենք պէտք չէ թոյլ տանք։ Ես ո՛չ պաշտօնի, ո՛չ ճանաչման, ո՛չ ալ հարստանալու կարիք ունիմ. Աստուած ամէն ինչ տուած է»։
Գագիկ Ծառուկեան անգամ մը եւս թելադրած է համբերութեամբ զինուիլ ամենակարեւոր փոփոխութեան համար։ Կրկին անդրադառնալով Յիսուսի արձանի կառուցման ծրագրին՝ ան նշած է, որ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ պիտի այցելեն, եւ մեծածաւալ ներդրումներ պիտի կատարուին։ Ան պնդած է, թէ այժմ տնտեսական ճգնաժամ կայ, սակայն «տնտեսական ճգնաժամը կարգաւորելը մէկ օրուան հարց է»։
“Զիս փորձեցին ցաւցնել, վախցնել, քրէական գործեր յարուցել։ Մարդիկ ինծի ըսին՝ ‘Ծառուկեան ջան, քեզի կը հաւատանք, արդեօք վտանգ չի՞ սպառնար քեզի, կարելի՞ է ետ քայլ ընես’։ Ես ալ պատասխանեցի՝ եթէ բանտարկեն ալ, հոգ չէ, ժամանակաւոր բան պիտի ըլլայ։ Ծառուկեանը ատիկա պիտի ընէ յանուն իր երկրին ու ժողովուրդին. պատրաստ եմ այդ քայլերուն դիմելու՝ ըսածներս իրագործելու համար”,– իր ելոյթին մէջ յայտարարած է ան։
