Կալուզին. «Ռուսաստան մտադիր չէ վճարել եւրոպական համարկման ուղղութեամբ Հայաստանի ձեռնարկած քայլերուն համար»
Հայաստանի՝ դէպի Արեւմուտք հակող արտաքին քաղաքականութիւնը սանձելու եւ պատժելու գործընթացը Մոսկուայի մէջ վերածուած է համակարգուած դիւանագիտական արշաւի մը, որուն յառաջապահի դերը, ըստ երեւոյթին, յատկացուած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինին։
Արդարեւ, թէեւ ռուսական քաղաքական վերնախաւին մէջ քիչ չեն Հայաստանի հասցէին հազիւ թէ քօղարկուած կամ բացայայտ սպառնալիքի նետեր արձակող պաշտօնատարները, սակայն Կալուզին այս «բնագաւառին» մէջ աչք կը շլացնէ իր իւրայատուկ աշխուժութեամբ եւ աննահանջ հետեւողականութեամբ։ Ան, փաստօրէն, ստանձնած է Քրեմլինի դժգոհութեան գլխաւոր խօսափողի պաշտօնը՝ պարբերաբար հնչեցնելով կոշտ յայտարարութիւններ, որոնք կը միտին հոգեբանական ու քաղաքական ծանր ճնշում բանեցնել Երեւանի վրայ։
Այսպէս, Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովի շրջանակին մէջ, Կալուզին յայտարարած է, թէ Ռուսաստան մտադիր չէ վճարել եւրոպական համարկման ուղղութեամբ Հայաստանի առած քայլերուն համար։
“Այն հարցադրումը, թէ ո՛ւր կ՚ընթանայ Հայաստան եւ որո՛ւն հետ պիտի շարունակէ կառուցել իր քաղաքական ու պետական ապագան, լիովին արդար է։ Սակայն մենք չենք պատրաստուիր թոյլատրել, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամակցութենէն Հայաստանի քաղած անհերքելի առաւելութիւններն ու արտօնութիւնները օգտագործուին՝ դէպի Եւրոպական Միութիւն անոր ծախսերը գոցելու համար”,– «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան յայտնած է ռուս փոխնախարարը։
Նշենք, որ Ռուսաստան ամենաբարձր մակարդակով կը յորդորէ Հայաստանը՝ արագօրէն կողմնորոշուելու Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ, նոյնիսկ առաջարկելով այս հարցով հանրաքուէ կազմակերպել։ Ասթանայի վեհաժողովի ընթացքին հնչած համապատասխան այս կոչին միացած էին նաեւ Պելառուսը, Ղազախստանն ու Քիրկիզստանը։
Միւս կողմէն՝ Երեւան կը շարունակէ պնդել, թէ ԵԱՏՄ-ն լքելու որեւէ մտադրութիւն չունի եւ յարգանքով կը վերաբերի Մոսկուայի շահերուն։
«Ռուսաստան պիտի մասնակցի Ղարաբաղի մէջ ընկերային բնոյթի ծրագրերու իրագործման»
Վերոնշեալ համաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցած «Ռուսաստան-Ազերպայճան» նիստի ընթացքին ալ Կալուզին, երեւութապէս փորձելով միաժամանակ Հայաստանի նախանձը շարժել ու զայրոյթը գրգռել, յայտարարած է, որ իր երկիրը պատրաստակամ է մասնակցելու Ղարաբաղի մէջ ընկերային բնոյթի ծրագրերու իրագործման։
Ըստ ռուս փոխնախարարին՝ ներկայիս Ռուսաստանի աջակցութեամբ արդէն կ՚իրագործուի մանկապարտէզի մը կառուցման ծրագիրը։
Ան նաեւ նշած է, որ կ՚աճի ռուս գործարարներուն հետաքրքրութիւնը տարածաշրջանին մէջ գործարար ծրագրերու իրագործման նկատմամբ։ Ըստ անոր՝ սա լաւ հիմք կը ստեղծէ ապագային ռուսական եւ ազերպայճանական ընկերութիւններու միջեւ գործարար կապերու ամրապնդման համար։ ■
