Ռուսաստան հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքը պիտի փոխարինէ ազերպայճանականով

Ազերպայճանական արտադրանք

Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներուն՝ Ռուսաստանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Պորիս Տիտով յայտարարած է, թէ Ռուսաստան հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքը պիտի փոխարինէ ազերպայճանականով։

Տիտով համոզուած է, որ Ազերպայճան կրնայ շատ աւելի մեծ ծաւալով գիւղատնտեսական մթերքներ մատակարարել Ռուսաստանին, քան՝ Հայաստանը։

Յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին ռուսական վերահսկիչ մարմինները արդէն իսկ սահմանափակումներ կիրարկած էին Հայաստանէն հանքային ջուրի, բանջարեղէնի, պտուղներու, չոր պտուղներու, այլ սննդամթերքի եւ ծաղիկներու ներածման նկատմամբ։