Միխայիլ Սաակաշվիլիի ուղերձը՝ հայ ժողովուրդին
«Աշխարհը կը վստահի ձեզի»
Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլի Յունիս 3-ին Դիմագիրքի իր պաշտօնական հաշիւին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը՝ դիմելով հայ ժողովուրդին.
«Հայաստանի փառապանծ պետութեան յարգարժա՛ն քաղաքացիներ, սիրելի՛ հայ դրացիներ.
Կ՚ուզեմ դիմել ձեզի՝ հսկայական ու պատմական նշանակութիւն ունեցող վճռորոշ ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ։ Ձեզի կը դիմեմ բանտի իմ մենախուցէս, վրացական տեսանկիւնէն։
Երկար ժամանակ վրացիները այս տարածաշրջանին մէջ իրենք զիրենք անմրցակից կը զգային։ Վերջին տարիներուն այս իրողութիւնը փոխուեցաւ, մասամբ՝ Թիֆլիսի մէջ բռնապետութեան աղէտալի հաստատման պատճառով, բայց գլխաւորաբար անոր համար, որ Հայաստան վերածուեցաւ ազատութեան կղզիի մը՝ դառնալով բազմաթիւ վրացիներու նախանձը շարժող երկիր։
Դուք կը հասնիք բանի մը, որուն իրականացումը մեծապէս կը փափաքէինք նաեւ Վրաստանի համար. դուք կը ձերբազատիք ռուսական լուծէն, եւ մենք ականատեսն ենք Հայաստանի, Եւրոպայի ու Ամերիկայի միջեւ արագ մերձեցման։
Ամենակարեւորը, դուք դարձած էք այն ինչ, որ Վրաստանն էր մօտիկ անցեալին՝ ժողովրդավարութեան փարոս մը, այն աստիճան, որ շատ մը վրացիներ պարբերաբար Երեւան կու գան՝ ազատութեան թարմ շունչ քաշելու համար։ Մենք մեզի համար վերայայտնաբերեցինք Հայաստանը, սկսանք սիրել ու հիանալ անով։
Դուք ընտրութիւն կը կատարէք ոչ միայն Փաշինեանին ու Կարապետեանին (հայկական Իվանիշվիլիին) կամ ուրիշի մը միջեւ, այլեւ՝ անցեալի ու ապագայի, ստրկութեան ու ազատութեան, թշուառութեան ու բարգաւաճման, պատերազմի ու խաղաղութեան միջեւ։
Արժանի՛ եղէք ձեր մեծ նախնիներուն եւ կատարեցէք ճի՛շդ ընտրութիւնը։ Մենք կը վստահինք ձեզի։ Աշխարհը կը վստահի ձեզի։
Փա՜ռք Հայաստանին։ Ազատութի՜ւն Վրաստանին։ Հայաստանը պիտի յաղթէ՛»։
