Ղազախստանը «այո՛» կ՚ըսէ Կիպրոսին, իսկ Թուրքիոյ՝ «ո՛չ»
Ղազախստանը հրապարակայնօրէն կը զօրակցի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի թիւ 541 եւ 550 բանաձեւերուն՝ թրքական բռնագրաւման տակ գտնուող այսպէս կոչուած «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւն»-ը յայտարարելով ապօրինի եւ անվաւեր։
Հակառակ ընդհանուր թրքական արմատներուն, ոչ միայն Ղազախստանը, այլեւ Թիւրքմէնստանն ու Ուզպեքստանը կը մերժեն ճանչնալ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածի բռնագրաւման վարչակարգը։ Անոնք կը շարունակեն իբրեւ ամբողջ կղզիի միակ օրինական կառավարութիւն ճանչնալ միմիայն Կիպրոսի Հանրապետութիւնը։
Այս քայլը զայրացուցած է Անգարան եւ բռնագրաւեալ տարածքներու ղեկավար Թուֆան Էրհիւրմանը, յատկապէս այն պահուն, երբ Կիպրոսի նախագահ Խրիսթոտուլիտէս կ՚այցելէ Ղազախստան՝ Ասթանայի մէջ Կիպրոսի դեսպանատուն բանալու, ինչպէս նաեւ փոխըմբռնման յուշագրեր եւ երկկողմանի համաձայնագեր ստորագրելու նպատակով։
Յունիս 2-ին, Կիպրոսի եւ Ղազախստանի միջեւ նոր կապ մը հաստատուած է. «Air Astana» ընկերութիւնը ապահոված է Ասթանայէն Լառնաքա իր առաջին ուղղակի թռիչքը։ Վերադարձի թռիչքով Ղազախստան մեկնած են նախագահ Խրիսթոտուլիտէսն ու կառավարութեան անդամները, ինչ որ կը հանդիսանայ Կիպրոսի նախագահի մը առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Ղազախստան։
