Փաշինեան եւ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցած են

Փաշ-Էրտո


Քննարկած են յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցեր

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցած են՝ քննարկելով Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: 

Ըստ Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակին, վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է Էրտողանը՝ Քուրպան Պայրամիին առթիւ: Էրտողան նշած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը շարունակուի ուղիղ առեւտուրի հաստատման ուղղուած քայլերուն շնորհիւ, եւ ընդգծած է, որ Թուրքիա կը ջանայ ապահովել տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: 

Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է զրոյցը՝ յատկապէս ընդգծելով Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտէթ Եըլմազի Հայաստան կատարած այցելութիւնը: Ղեկավարները նաեւ քննարկած են Ախալքալաք-Կարս երկաթուղիով արտածումներու եւ ներածումներու կարելիութիւնները: