Եւրոպական Միութիւնը կը քննարկէ Հայաստանին աջակցելու ուղիները՝ ռուսական ճնշումներուն դիմաց

Փաշ-Լայէն

Ռուսական տնտեսական սահմանափակումներու լոյսին տակ, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած են՝ քննարկելու Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Հայաստանին: 

Ըստ «Ազատութիւն» լրասփիւռին՝ Պրիւսէլ կը պատրաստուի ֆինանսական օգնութիւն յատկացնելու Երեւանին եւ Հայաստանի համար սահմանելու «Առեւտուրի ինքնավար միջոցառումներ» (ATM) գործիքը, որուն շնորհիւ հայկական կարգ մը ապրանքներ եւրոպական շուկայ մուտք պիտի գործեն առանց մաքսատուրքերու եւ քանակի սահմանափակումներու:

50 միլիոն եւրոյի հրատապ ֆինանսական օժանդակութիւն Հայաստանին

Այս տեսակցութենէն ետք՝ Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած է, որ Հայաստանին պիտի տրամադրէ աւելի քան 50 միլիոն եւրոյի անյապաղ ֆինանսական աջակցութիւն: Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն նշած է, որ Ռուսաստանի կողմէ կիրարկուող տնտեսական սահմանափակումները անընդունելի են, եւ աւելցուցած, որ Եւրոպան ամուր կանգնած է Հայաստանի կողքին: Որպէս աջակցութիւն, պիտի դիւրացուի հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքի ներածումը Եւրոպա, իսկ արդէն նախատեսուած է 10 հազար ծաղիկի խմբաքանակ մը արտածել Լաթվիա:

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոս ալ շեշտած է, որ Եւրոպան զօրավիգ է Հայաստանին՝ ռուսական ճնշումներուն դիմաց եւ կը փնտռէ այդ ճշումներուն դիմաց՝ արագ լուծումի միջոցներ: