Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը «կը զգուշացնէ»

Թրամփի ուղի

«Թրամփի ուղի»-ին նպատակներէն մէկը Իրանի սահմաններուն ԱՄՆ-ու ռազմական եւ հետախուզական ներկայութիւնն է

Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ալեքսէյ Շեւցով յայտարարած է, թէ «“Թրամփի ուղի”-ի նպատակներէն մէկը Իրանի սահմաններուն ամերիկեան ռազմական եւ հետախուզական ներկայութեան ապահովումն է»։

“Մեր անդրովկէանոսեան գործընկերները լրջօրէն կ՚ապահովեն ամերիկեան բոլոր ներդրումներուն անվտանգութիւնը, եւ յստակ է, թէ ի՛նչը պիտի դրդէ զանոնք այդ տարածք ուղարկելու մասնաւոր ռազմական ընկերութեան ներկայացուցիչներ։ Եւ ակնյայտ է, թէ իրանցիները ինչպէ՛ս պիտի հակազդեն ատոր”,– նշած է ռուս պաշտօնատարը։

“Մեծ հարց է նաեւ, թէ արդեօք օտարերկրեայ ռազմական ներկայութիւնը, նոյնիսկ մասնաւոր ռազմական ընկերութեան տեսքով, անհրաժե՞շտ է, օրինակ, Վրաստանին կամ Ազերպայճանին։ Հարցերը աւելի կը շատնան, երբ կը յիշես մերձաւորարեւելեան ճգնաժամին ու Պարսից ծոցի այն պետութիւններուն պարագան, որոնք իրենց տարածքին մէջ ամերիկեան ռազմակայաններ տեղակայած են եւ ի՛նչ ճակատագիրի արժանացան այդ կայանները”,– նշած է Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալը։

***

Պէտք է խոստովանիլ, որ սպառնալիքները նրբօրէն ծրարելու եւ հրամցնելու արուեստին մէջ ռուսերը իսկական հանճարներ են։ Պարագաներուն անտեղեակ ականջ մը նոյնիսկ պահ մը կը տարուի մտածելու, թէ հնչող յայտարարութիւնները Հայաստանով մտահոգ, անոր հանդէպ «մեծ եղբօր» բարեսրտութեամբ տոգորուած բարեմիտ խօսքեր են։

Chapeau bas!