Ալիեւ. «Ջրային պաշարներու պակասը մեզի համար լուրջ խնդիր է»

Ալիեւ

“Ջրային պաշարներու պակասը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ոչ միայն Ազերպայճանի, այլեւ մեր ամբողջ տարածաշրջանին մէջ”,— Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։

“Կասպից ծովու մակարդակին նուազումը, որ կը մօտենայ վերջին երկու հարիւրամեակներու պատմական նուազագոյնին, այս խնդրին լրջութեան վառ ապացոյցն է”,– ըսած է Ազերպայճանի նախագահը։

***

Ազերպայճանի նախագահին այս խօսքերը բնաւ պէտք չէ անուշադրութեան մատնուին։ Անոնք կրնան թէ՛ ջրային պաշարներով հարուստ հայաստանեան տարածքներու նկատմամբ թաքուն ախորժակներ մատնել, եւ թէ՛ խաղաղութեան հաստատման պարագային՝ ծանրակշիռ խաղաքարտ հանդիսանալ Հայաստանի ձեռքին։ Մեր ընթերցողները հաւանաբար կը յիշեն, որ քանի մը ամիս առաջ Ռեմ Դարբինեան հրապարակած էր քարտէս մը՝ ցոյց տալու համար, թէ Հայաստան որքա՛ն հարուստ է ջրային պաշարներով։ Այս հարցին մասնագիտական վերլուծումը, անշուշտ, կը ձգենք փորձագէտներուն։