Ազովի ծովուն մէջ հինգ ազերպայճանցի զոհ՝ անօդաչու սարքերու յարձակման

Ազով

Անցեալ գիշեր անօդաչու սարքեր հարուածած են Ազովի ծովուն մէջ նաւարկող երկու բեռնատար նաւեր, որուն հետեւանքով Ազերպայճանի հինգ քաղաքացի զոհ գացած է, երեք ուրիշներ ալ՝ վիրաւորուած են։ Այս մասին կը հաղորդէ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

“Յունիս 5-ի լուսցող գիշերը «Նաթրա» եւ «Ցիրքոն» նաւերը ենթարկուած են անօդաչու սարքերու հարուածներուն։ Այդ երկու նաւերու անձնակազմերուն մէջ ընդգրկուած էր Ազերպայճանի 25 քաղաքացի, սակայն նաւերը Ազերպայճանի սեփականութիւնը չեն հանդիսանար”,– բացատրած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Այհան Հաճիզատէն։