Քուէարկելու համար վերադարձող քաղաքացիները կրնան զինուորական վարժանքներու կանչուիլ

Զուարթնոց

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարած է, թէ Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն քուէարկելու նպատակով արտասահմանէն հայրենիք վերադարձող Հայաստանի քաղաքացիները կրնան պարտադիր զինուորական վարժանքներու (հաւաքներու) կանչուիլ։ Անոր այս խօսքերը կը հնչեն այնպիսի պահու մը, երբ տեղեկութիւններ կը շրջին, թէ Ռուսաստանի մէջ բնակող հայեր կազմակերպուած կերպով Հայաստան կը փոխադրուին՝ քուէարկութեան մասնակցելու համար։

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պապիկեան ճշդած է, որ եթէ Ռուսաստանէն ժամանող քաղաքացի մը զինապարտ է, ապա ան հայրենիքին հանդէպ իր պարտաւորութիւնները ունի։ Ան չէ բացառած, որ այդ քաղաքացիները կրնան զինուորական վարժանքներու ղրկուիլ՝ աւելցնելով, որ սա կրնայ վերաբերիլ նաեւ Ֆրանսայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ երկիրներէ ժամանողներուն։

Մամլոյ եւ ընկերային ցանցերու մէջ լուրեր տարածուած են, ըստ որոնց ռազմական ոստիկանութեան սպաները սահմանային անցակէտերուն վրայ ծանուցագրեր կը բաժնեն Ռուսաստանէն ժամանող հայ քաղաքացիներուն։ Պապիկեան հաստատած է ռազմական ոստիկանութեան ներկայութիւնը՝ իրենց վերապահուած անհրաժեշտ գործառոյթներուն համար, սակայն հերքած է ծանուցագրեր յանձնելու մասին պնդումները՝ բացատրելով, որ ֆիզիքապէս անկարելի է զինուորական ծառայութեան ծանուցագիր մը ուղղակի օդակայանին մէջ յանձնելը։

Իշխանութեան քննադատները այս նախաձեռնութիւնը որակած են իբրեւ իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ զինուորական հաւաքները պատժիչ գործիքի վերածելու փորձ։ Այս քայլերը կը զուգադիպին այնպիսի պահու մը, երբ ռուսական միջամտութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները կը ծաւալին հրապարակուած փաստաթուղթերով՝ որոնք, ըստ երեւոյթին, կը բացայայտեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելու ծրագիր մը։

Միւս կողմէ՝ «Փաստերու ստուգման հարթակ»-ը հաղորդած է, որ իր լրագրողները տեղեկութիւններ ձեռք բերած են Ռուսաստանի մէջ հայերը հաւաքագրելու ջանքերու մասին։ Հայաստանի իշխանութիւնները կը հետաքննեն նաեւ ընտրակաշառքի վերաբերեալ մեղադրանքներ, որոնց մէջ ներքաշուած է պլոկըր Միքա Պատալեան։

***

Շաբաթ, Յունիս 6-ին՝ ընտրութիւններու նախօրեակին, հաղորդուեցաւ, որ Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ անվերջանալի հերթեր գոյացած են՝ արտասահանէն ժամանողներու հոծ բազմութեան պատճառով։

Ընկերային ցանցերն ալ իրենց կարգին ողողուած են յատկապէս Ռուսաստանէն քուէարկելու նպատակով ժամանած քաղաքացիներու հետ կատարուած կարճ հարցազրոյցներու տեսանիւթերով։ Անոնցմէ մէկուն մէջ ժամանողներէն մէկը կը յայտնէ. «Եկել ենք ընտրենք, նոյն օրը՝ երեկոյեան 7-ին յետ ենք վերադառնալու։ Կարող է խառնուի վիճակը. երեխեքի հետ ենք, չմնանք բարդութիւնների մէջ»։

***

Կը մնայ միայն յուսալ, որ ներքաղաքական իրավիճակի «խառնուելուն» ու հաւանական «բարդութիւններուն» վերաբերող այս մտավախութիւնները լոկ անհատական զգուշաւորութեան դրսեւորում են, եւ ոչ թէ՝ ռուսաստանաբնակ հայերը ալիք առ ալիք Հայաստան «գործուղել»-ու մոսկովեան լայնածաւալ ծրագրի մը քօղարկուած ու վտանգաւոր բաղադրիչը։