Մոսկուա կը կանխատեսէ Փաշինեանի յաղթանակը եւ արդէն իսկ հող կը նախապատրաստէ բողոքարկման
Կարելի է ենթադրել, որ Ռուսաստան արդէն իսկ համոզուած է Նիկոլ Փաշինեանի ընտրական յաղթանակին։ Նախքան քուէատուփերուն բացուիլը՝ քուէարկութիւնը ապօրինի հռչակելու ուղին ընտրելով՝ Մոսկուա աշխուժօրէն հող կը նախապատրաստէ պաշտօնական մերժումի համար։ Տմիթրի Մետվետեւի կողմէ հնչած այս կանխահաս բանաւոր յարձակումը նոր ապակայունացման սպառնալիք կը կախէ հանդարտութիւն որոնող Հայաստանի մը գլխուն։
Յունիս 5-ին, նախքան մէկ հատիկ քուէաթերթիկի մ՛իսկ քուէատուփ նետուիլը, Ռուսաստանի նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ հրապարակաւ ծանրօրէն նախատելով Հայաստանի վարչապետը, կոշտ շեշտադրումով յայտարարած է. «Փաշինեան վախէն տակը ըրած է եւ կը փորձէ ասպարէզէն հեռացնել իր բոլոր մրցակիցները։ Նման ընտրութիւններ, բնականաբար, օրինական պիտի չնկատուին»։
Այս արտայայտութեամբ Ռուսաստանի յղած ազդանշանը յստակ է. ան կը նախատեսէ մէջտեղ բերել ընտրակեղծիքի կամ կասկածելի հնարքներու փաստարկը՝ արդիւնքներու ճանաչումը մերժելու համար, եթէ Նիկոլ Փաշինեան յաղթանակ տանի։
Ազերպայճանի դէմ 2020-ի պատերազմին չսպիացած վէրքերը տակաւին կրող երկրի մը համար՝ այս սպառնալիքը ամէնէն անպատեհ պահուն կը հասնի։ Ներկայ հանգրուանին Հայաստանը բնաւ կարիքը չունի, որ Մոսկուան խարխլէ անոր ժողովրդավարական օրինականութեան հիմքերը՝ երկիրը նետելով նոր ու վտանգաւոր ցնցումներու գիրկը։
