Հայաստան կ՚ընտրէ իր խորհրդարանը
Ժամը 14-ին՝ ընտրութիւններուն մասնակցած էր ընտրողներուն 33,84 տոկոսը
Վերջապէս հասաւ Հայաստանի համար ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող խորհրդարանական ընտրութիւններու օրը։
Յունիս 7, ժամը 14-ի տուեալներով, ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով հրապարակած արդիւնքներուն՝ քուէարկելու իրաւունք ունեցող ընդհանուր 2 միլիոն 503 հազար 976 քաղաքացիներէն քուէարկութեան մասնակցած էր 847 226 ընտրող, այլ խօսքով՝ 33,84 տոկոսը:
2021-ի ընտրութիւններուն, նոյն այս ժամուն մասնակցած էր 695.626 քաղաքացի, կամ՝ 26.82%-ը:
Յիշեցնենք, որ ընտրութիւններուն կը մասնակցին 18 քաղաքական ուժ՝ 16 կուսակցութիւն ու 2 դաշինք:
