Ի՞նչ պիտի ընէ Սամուէլ Կարապետեան, եթէ Փաշինեան յաղթէ

Սամուէլ կարապետեան-քուէ

Եթէ Նիկոլ Փաշինեան յաղթանակ տանի ընտրութիւններուն, արդեօք Սամուէլ Կարապետեան պիտի համակերպի՞ այդ իրողութեան հետ։ Քուէն տալէ ետք իրեն ուղղուած այս հարցումին ի պատասխան՝ «Ուժեղ Հայաստան»-ի առաջնորդը յայտնած է, թէ ամէն ինչ պիտի որոշէ ժողովուրդը։

“Եթէ Նիկոլ Փաշինեան ընտրուի, հակառակ անոր որ ատոր հաւանականութիւնը գրեթէ զերօ է, եթէ հայ ժողովուրդը համակերպի, ուրեմն կը համակերպիմ”,– ըսած է Կարապետեան։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք իշխանափոխութեան այլ ծրագիր ունի՞ն, եթէ չյաջողին ընտրութիւններու ճամբով հեռացնել Նիկոլ Փաշինեանը, Սամուէլ Կարապետեան նշած է.

“Իշխանափոխութեան որեւէ այլ տարբերակ կախեալ է հայ ժողովուրդէն. ես ինչպէ՞ս կրնամ ուրիշ ծրագիր ունենալ։ Հայ ժողովուրդը ինչպէս որ որոշէ, այնպէս ալ պիտի վճռուի”։