Մոսկովեան բեմագրութիւնը կը գործադրուի՞

Սամուէլ Կարապետեան-2

Ընդդիմութեան համաժամանակեայ ահազանգերն ու ռուսական վտանգը

Հայաստանի մէջ ընթացող խորհրդարանական ընտրութիւնները (7 Յունիս 2026) անցած են սոսկ ներքաղաքական պայքարի սահմանները՝ վերածուելով աշխարհաքաղաքական վտանգաւոր խաղի մը թատերաբեմի։ Այս ընտրութիւններուն նախօրեակին արդէն իսկ նշմարելի դարձած էր ռուսական գործօնի ծանր ու սպառնալից ներկայութիւնը։ Մոսկուայէն հնչած բացայայտ սպառնալիքները, թէ «ապօրինութիւններու» պարագային Ռուսաստան պիտի չճանչնայ այս ընտրութիւններուն օրինականութիւնը, պատահական յայտարարութիւններ չէին։

Աւելի՛ն, ժամանակագրական խիստ մտահոգիչ զուգադիպութեամբ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վերջերս օրէնք մը հրապարակած է, որ իրեն լիազօրութիւն կու տայ՝ առանց որեւէ այլ մարմինի հաւանութիւնը ստանալու, ուղղակի բիրտ միջամտութիւն կատարել երրորդ երկրի մը մէջ, եթէ «Ռուսաստանի քաղաքացիները վտանգի ենթակայ են»։ Այս ենթախորքին՝ ընտրութեան օրը հայաստանեան ռուսամէտ թեկնածուներու՝ Սամուէլ Կարապետեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի համակարգուած ու նոյնաբովանդակ յայտարարութիւնները կը ստանան բոլորովին այլ, շատ աւելի վտանգաւոր իմաստ։ Անոնք, ըստ երեւոյթին, գործնականօրէն հող կը նախապատրաստեն մոսկովեան այդ վտանգաւոր բեմագրութեան կիրարկման համար։

Ձերբակալութիւնները իբրեւ պատրուակ. նոյն խողովակէն եկող հրահանգներ

Ընտրութեան օրը առաջին դիրքի վրայ մղուեցաւ ընդդիմադիր համակիրներու ձերբակալութիւններու թեման։ Անկախ այն իրողութենէն, որ ըստ իրաւապահներու՝ այս գործողութիւնները պայմանաւորուած են ընտրակաշառքի եւ կեղծիքներու կանխարգիլմամբ (ինչպէս Գիւմրիի մէջ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի համակիրներու ձերբակալութեան պարագային), ռուսամէտ թեւը միաբերան կը խօսի քաղաքական հալածանքի մասին։

Յատկանշական է յատկապէս Սամուէլ Կարապետեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի արտայայտութիւններուն ապշեցուցիչ նմանութիւնը։ Կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ երկուքն ալ կը կարդան նոյն կեդրոնէն ուղարկուած գրութիւն մը.

  • Սամուէլ Կարապետեան. «Ճիշդ հիմա՛ ալ մեր բոլոր համակիրներուն շրջանակներուն մէջ ձերբակալութիւններ կը կատարուին, երէկ ալ հարիւրէ աւելի քաղաքացի ձերբակալուեցաւ, բայց վախնալու որեւէ բան չկայ»։ (Նշենք, որ ռուսաստանաբնակ Կարապետեան քուէարկած է տնային կալանքի տակ գտնուելով՝ իրաւապահներու ուղեկցութեամբ)։
  • Գագիկ Ծառուկեան. «Շուրջ 50 հոգի տարին, անտեղի… որքան ալ ընեն, նո՛յնն է՝ պարտուած են։ Վախնալու բան չկայ»։

Երկուքին մօտ ալ առկայ է անհիմն ձերբակալութիւններու մասին գանգատը, որուն անմիջապէս կը յաջորդէ արհեստական ինքնավստահութեան ու «վախնալու բան չկայ»-ի հռետորաբանութիւնը։

Քոչարեանի վերջնագիրը եւ ընտրութիւններու ապաօրինականացման հիմքերը

Այս յայտարարութիւններու շղթային մէջ ամէնէն ծանրակշիռը կը մնայ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոբերտ Քոչարեանի խօսքը, որ ուղղակի միտուած է ընտրական գործընթացի հանդէպ համատարած անվստահութիւն եւ վախ սերմանելուն։

Անդրադառնալով Եղծանման դէմ պայքարի (Հակակոռուպցիոն) կոմիտէի հրապարակած տուեալներուն (209 անձի նկատմամբ քրէական հետապնդում, 194 ձերբակալուած)՝ Քոչարեան զանոնք կը պիտակաւորէ իբրեւ խայտառակութիւն եւ բացառապէս ընդդիմադիրներու դէմ ուղղուած արշաւ. «Կը ստացուի այն պաւորութիւնը, թէ այս երկրին մէջ բոլոր քաղաքացիները կը գաղտնալսուին՝ անկողին կը մտնեն, խոհանոց կը մտնեն… հարիւրաւոր մարդոց վրայ քրէական գործեր… սա ուղղակի խայտառակութիւն է»։

Ամէնէն վտանգաւորը, սակայն, Քոչարեանի բացայայտ սպառնալիքն է իշխանութեան. պատասխանելով այն հարցումին, թէ ժողովուրդի որոշումին պարագային Փաշինեան հանգի՞ստ կը հեռանայ, ան կ՚ըսէ. «Եթէ չերթայ, շատ գէշ պիտի աւարտի»։

Ծուղակը կը լարուի

Ընտրութեան օրն իսկ հնչող այս յայտարարութիւնները զուտ քաղաքական դժգոհութիւններ չեն։ Անոնք յստակ նպատակ կը հետապնդեն՝ ստեղծել ընդդիմութեան նկատմամբ զանգուածային բռնաճնշումներու եւ անարդար ընտրութիւններու պատկեր մը։ Այս պատկերը ճիշդ այն «նախանիւթ»-ն է, որուն պէտք ունի Մոսկուան՝ արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու համար։

Երբ Կարապետեան («Ուժեղ Հայաստան») կը խօսի իշխանափոխութեան «այլ բեմագրութիւններու» մասին, իսկ Քոչարեան կը սպառնայ, որ «գէշ պիտի աւարտի», եւ այս բոլորը կը զուգադիպին ռուսական միջամտութեան նոր օրէնքներու հրապարակման, պարզ կը դառնայ, որ Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ լուրջ վտանգ կը հասուննայ։ «Խառնուելու» եւ «բարդութիւններու» մտավախութիւնները (ինչպէս գրած էինք այլ լուրի մը մէջ), զորս ունին շարքային քաղաքացիները, կը թուի թէ ունին խոր ու շատ վտանգաւոր հիմքեր։