Իշխան Սաղաթէլեան. «Մենք խորհրդարան պիտի երթանք իբրեւ իշխանութիւն»

Իշխան Սաղաթէլեան

«Հայաստան» դաշինքի երեսփոխանի թեկնածու Արծուիկ Մինասեան պնդած է, որ ընտրական գործընթացին մէջ արձանագրած են շարք մը խախտումներ, ինչպէս՝ բաց կամ վերահսկելի ուղղորդուած քուէարկութեան բազմաթիւ դէպքեր։ Այս առնչութեամբ անոնք հաղորդումներ ներկայացուցած են Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով (ԿԸՅ) եւ դատախազութիւն, ուրկէ սակայն տակաւին արձագանգ չեն ստացած։ Դաշինքը բողոքած է նաեւ վարչական լծակներու չարաշահման դէպքերու դէմ։

Երեսփոխանի թեկնածու Ակնեսա Խամոյեան, իբրեւ վարչական լծակներու չարաշահման ցայտուն օրինակ, նշած է թէ Հանրային հեռատեսիլը մօտ 40 վայրկեան հեռարձակած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան տուած ասուլիսը, մինչ իրենց մամլոյ ասուլիսին չէ արձագանգած, հակառակ նախապէս տեղեակ պահուած ըլլալուն։

Անդրադառնալով ընտրութիւններուն քաղաքացիներու աշխուժ մասնակցութեան՝ երեսփոխանի թեկնածու Իշխան Սաղաթէլեան յայտնած է. “Ընտրութիւններուն այս ծաւալի մասնակցութիւնը կը վկայէ, որ ՔՊ-ի վերարտադրութեան հաւանականութիւնը կը մօտենայ զերոյի”։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հաղորդած տուեալներուն համաձայն՝ ժամը 17-ին ընտրութիւններուն մասնակցած է 1 միլիոն 224 հազար 957 քաղաքացի կամ ընտրողներուն 48,92 տոկոսը: Նշենք, որ 2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նոյն այդ ժամուն մասնակցած էր 989 հազար 972 հոգի կամ 38,17 տոկոսը:

Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ աւելցուցած է նաեւ. “Գործող վարչախումբը լայնածաւալ բռնաճնշումներու սկսած է, մասնաւորապէս՝ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական կեդրոններու պատասխանատուներուն եւ համակիրներուն նկատմամբ։ Առտուընէ ի վեր ձերբակալութիւններ կ՚ը կատարուին։ Նպատակը մեր կեդրոններուն գործունէութիւնը խոչընդոտելն ու սահմանափակելն է”։

Ըստ Սաղաթէլեանի՝ իրենք վստահօրէն դէպի յաղթանակ կ՚ընթանան. ”Կը կարծենք, որ միացեալ ընդդիմութիւնը ունի իշխանութիւն ձեւաւորելու, ինչպէս նաեւ Նիկոլ Փաշինեանն ու ՔՊ-ն իշխանազրկելու բոլոր կարելիութիւնները։ Մենք խորհրդարան պիտի երթանք իբրեւ իշխանութիւն. այս պահուս ճիշդ այդ ակնկալիքը ունինք”։