Իրանցի ֆութպոլիստները պիտի կարենան ԱՄՆ մուտք գործել իւրաքանչիւր մրցումէն միայն մէկ օր առաջ

Իրանի խումբ-a935-44af-1622-08debadc4af7_w1023_r1_s

Ֆութպոլի 2026-ի Համաշխարհային բաժակի մրցումները կը սկսին յառաջիկայ Հինգշաբթի օր, Յունիս 11-ին, Մեքսիքայի նշանաւոր «Azteca » մարզադաշտին վրայ, Մեքսիքա-Հարաւային Ափրիկէ հանդիպումով։  Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքայի եւ Գանատայի համատեղ հիւրընկալութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքին աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 19-ին, Նիւ Եորքի «MetLife Stadium»-ին մէջ։

Այս մրցաշարքը արդէն իսկ կոչուած է պատմական դառնալու. արդարեւ, ֆութպոլի տարեգրութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ հիւրընկալող երկիրը պիտի ընդունի իրեն հետ պատերազմական իրավիճակի կամ խիստ լարուած յարաբերութիւններու մէջ գտնուող երկրի մը ազգային հաւաքականը։

Այս բացառիկ ենթախորքին՝ Իրանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Մեհտի Թաժ յայտարարած է, որ իրենց երկրի ազգային ընտրանիին արտօնուած է Միացեալ Նահանգներ մուտք գործել Համաշխարհային բաժակի շրջանակէն ներս տեղի ունենալիք իւրաքանչիւր մրցումէ միայն մէկ օր առաջ։

Թէեւ Իրանի հաւաքականին հիմնական կեցավայրը պիտի ըլլայ Մեքսիքայի մէջ, սակայն իրանցի ֆութպոլիստները խմբային փուլի զտման երեք մրցումներն ալ պիտի խաղան ԱՄՆ-ու տարածքին։ Ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին՝ Յունիս 15-ին Լոս Անճըլըսի մէջ անոնք պիտի մրցին Նոր Զելանտայի, Յունիս 21-ին՝ դարձեալ նոյն քաղաքին մէջ Պելճիքայի, իսկ Յունիս 26-ին Սիէթըլի մէջ՝ Եգիպտոսի հաւաքականին դէմ։

Նախապէս, Մեքսիքայի մէջ Իրանի դեսպան Ապոլֆայզ Փասանտիտէն յայտնած էր, որ հաւաքականի մարզիկներն ու թեքնիք անձնակազմը պարտաւոր են Միացեալ Նահանգներ ժամանելու միայն խաղերու օրը եւ նոյն օրուան ընթացքին ալ վերադառնալու Մեքսիքայի իրենց կեցավայրը։ Սակայն Իրանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահը, իրանեան կիսապաշտօնական ISNA լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին, հերքած է այս տեղեկութիւնը՝ յստակացնելով. «Անոնք արտօնեցին, որ մեր ազգային խումբը մրցումէն մէկ օր առաջ մուտք գործէ երկիր»։

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ ֆութպոլի այս հեղինակաւոր մրցաշարքին մասնակցելու համար իրանցի մարզիկներուն եւ անձնակազմին մուտքի արտօնագրերը արդէն իսկ պատրաստ են ու տրամադրուած։ Թէեւ պաշտօնական աղբիւրները չեն յստակացներ, թէ խաղի աւարտէն ետք իրանցիները որքա՞ն ժամանակի ընթացքին պէտք է լքեն ԱՄՆ-ու տարածքը։