Սաղաթէլեան, Թաթոյեան եւ Մարուքեան կը հակադարձեն Փաշինեանին
«Հայաստան» ընդդիմադիր դաշինքի երեսփոխանի թեկնածու, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կը պնդէ, որ նախքան ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերջնական ամփոփումը՝ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի յաղթանակին մասին «պարզապէս Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին (ԿԸՅ) վրայ ճնշում բանեցնելու եւ իշխանութիւնը իւրացնելու քայլեր են»։
«Առանց ընտրուելու, դատական համակարգին հրահանգներ տալէ առաջ, դուն տակաւին պէտք է պատասխան տաս այսօր արձանագրուած բոլոր ընտրախախտումներուն համար»,– Դիմագիրքի իր էջին գրած է Սաղաթէլեան՝ աւելցնելով, որ այս հանգրուանին զբաղած են ընտրատեղամասերէն ստացուող տուեալներու մշակումով։ Ան յիշեցուցած է, որ ԿԸՅ-ն տակաւին ամփոփած է ընտրատեղամասերուն միայն մէկ քառորդին արդիւնքները. «Վերջնական արդիւնքներուն եւ ընելիքներուն մասին կը խօսինք տուեալներու ամփոփումէն ետք»։

«Միասնութեան թեւեր» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու, նախկին մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան, իր կարգին, նոյնպէս Դիմագիրքի իր էջին կը գրէ. «Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ ՔՊ-ն առանձին պիտի կազմէ կառավարութիւն եւ յաղթած է ընտրութիւններուն, հակասահմանադրական է եւ կը գերազանցէ վարչապետին լիազօրութիւնները։ Կառավարութեան ղեկավարը իրաւասութիւն չունի հանդէս գալու յայտարարութեամբ եւ հռչակելու իր առանձին յաղթանակը, երբ քուէարկութեան արդիւնքներուն հազիւ 10 տոկոսէն քիչ մը աւելին հաշուարկուած է, իսկ Երեւանի մէջ 10 տոկոսն իսկ ամփոփուած չէ»։
Նախկին մարդկային իրաւանց պաշտպանը կը յայտարարէ, որ այս պայմաններուն մէջ ընդդիմութեան տարբեր առաջնորդները պատասխանատւութեան ենթարկելու մասին վարչապետին խօսքերը օրէնքի կոպիտ խախտում են, քանի որ ան նման լիազօրութիւն չունի։ Թաթոյեանի համաձայն՝ Փաշինեանի այս քայլը ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդելու նպատակով յանձնաժողովին վրայ բացայայտ անօրինական ճնշում է, որ քրէօրէն պատժելի արարք է։

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ եւ վարչապետի թեկնածու Էդմոն Մարուքեան եւս կ՚ընդգծէ, որ Փաշինեան այդ յայտարարութիւնը կատարած է, երբ քուէարկութեան արդիւնքներուն մօտաւորապէս միայն 10 տոկոսը ամփոփուած էր։
Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած տեսանիւթին մէջ ան կը նշէ. «Սպասենք՝ տեսնենք մեծ դաշինքները ի՛նչ կ՚ըսեն»։ «Տուեալները չկան, իսկ մարդը կ՚ըսէ՝ “Ես յաղթած եմ”։ Սա ընտրական օրէնսդրութեան բոլոր չափանիշերու ոտնահարում է, բոլո՛ր»,– կը պնդէ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի առաջնորդը։
