Ազգային ժողով մուտք կը գործեն «ՔՊ»-ն, «Ուժեղ Հայաստան»-ը եւ «Հայաստան»-ը

ԱԺ

«ՔՊ»-ն աւարտած է առաջատար դիրքի վրայ, բայց ոչ թէ շուրջ 54,87%-ով՝ ինչպէս յայտարարուած էր, այլ՝ 49,82%-ով

Յունիս 8-ի վաղ առաւօտեան, Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին նախնական արդիւնքներուն վրայ հիմնուած՝ մեր նախորդ լրատուութեամբ տրուած թիւերը բաւական փոփոխութիւն կրած են ամբողջական (ի դէպ՝ դեռ ոչ-պաշտօնական) հաշուարկումէն ետք։ Մինչ նախապէս յայտարարուած էր, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը ստացած է ձայներուն շուրջ 55%-ը, ամբողջական հաշուարկումէն ետք այդ տոկոսը բաւական նուազած է՝ կազմելով 49,825%։

Այսպէս, բոլոր քուէաթերթիկներու հաշուարկման նախնական արդիւնքները պարզած են հետեւեալ պատկերը.

  • «Քաղաքացիական պայմանագիր»՝ 727.827 ձայն (49,825%)
  • «Ուժեղ Հայաստան»՝ 340.088 ձայն (23,281%)
  • «Հայաստան»՝ 145.113 ձայն (9,934%)
  • «Բարգաւաճ Հայաստան»՝ 58.378 ձայն (3,996%)։

Սա կը նշա­նակէ, որ առաջին չորս տեղերը գրաւած քա­ղաքա­կան ու­ժե­րէն միայն երեքը յաղ­թա­հարած են նո­ւազա­գոյն սե­մը եւ իրա­ւունք ստա­ցած են մուտք գոր­ծե­լու Ազ­գա­յին ժո­ղով։

«ԲՀԿ»-ն, որուն կը պակսի միմիայն 0,004 տոկոս 4%-ի այդ նուազագոյն սեմին հասնելու համար, յայտարարած է, որ պիտի պահանջէ վերահաշուարկ: