Քրեմլին. «Կը սպասենք վերջնական արդիւնքներուն»
Քրեմլինը առայժմ ձեռնպահ կը մնայ Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ մեկնաբանութիւններ կատարելէ։
“Մենք կը սպասենք վերջնական արդիւնքներուն”,– լրագրողներուն յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի բանբերը՝ Տմիթրի Փեսքով։ Միաժամանակ, ան վստահեցուցած է, որ Մոսկուա ուշադիր կը հետեւի ընտրութիւններուն, ներառեալ՝ արձանագրուած խախտումներուն վերաբերող տեղեկատւութիւնը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարած է, թէ Մոսկուա մտադիր է Երեւանի հետ իր ապագայ յարաբերութիւնները կառուցել՝ հիմնուելով Հայաստանի իշխանութեան հետագայ քայլերուն վրայ։
“Մոսկուա միշտ շահագրգռուած եղած է եւ միշտ պիտի ըլլայ շահագրգռուած՝ հզօր ու իսկապէս ինքնիշխան Հայաստանով մը”,– յայտարարած է Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան՝ աւելցնելով. “Վերջին ընտրութիւնները յստակօրէն ցոյց տուին, որ հայ հասարակութիւնը խիստ բեւեռացած է։ Այս պայմաններուն մէջ, Հայաստանի զարգացման ուղիին վերաբերեալ միակողմանի որոշումներ կայացնելը՝ առանց հաշուի առնելու բնակչութեան բոլոր խաւերուն կարծիքը, կը նշանակէ երկիրը առաջնորդել դէպի հետագայ պառակտում եւ ընկերա-տնտեսական ցնցումներ”։
Նշենք, որ նախապէս Ռուսաստանի նախագահ Փութին յայտարարած էր, թէ լաւ կ՚ըլլար, եթէ Հայաստան հանրաքուէ կազմակերպէր Եւրոպական Միութեան առնչուած իր նկրտումներուն վերաբերեալ։ Սակայն վարչապետ Փաշինեան պնդած էր, թէ նման քուէարկութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, քանի որ հանրաքուէի դրուելիք հարցը տակաւին չէ հասունցած։
