Իսրայէլ թոյլ պիտի չտայ F-35 կործանիչներու մատակարարումը Թուրքիոյ, քանի որ անոնց արտադրութեան մէջ կ՚օգտագործուին իսրայէլեան արհեստագիտութիւններ։ Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շարէն Հասքել։ “Մենք լուրջ մտահոգութիւններ ունինք հաւանական վաճառքին վերաբերեալ։ Այս ինքնաթիռներուն մէջ օգտագործուող արհեստագիտութիւններուն զգալի մասը մշակուած է Իսրայէլի մէջ եւ բնականաբար, մենք չենք ուզեր կիսել զանոնք”,– ըսած է Հասքել յունական Kathimerini թերթին տուած մեկնաբանութեան մէջ։ 

Պարբերականը կը յայտնէ նաեւ Իսրայէլի իշխանութիւններու մտահոգութեան մասին՝ ԱՄՆ-ու նախագահ Թրամփի յայտարարութիւններուն առնչութեամբ, որ յայտնած էր, թէ «շատ լրջօրէն կը դիտարկէ» Թուրքիոյ F-35-ներ վաճառելու գործարքին կարելիութիւնը։ Հասքել ընդգծած է, որ իսրայէլեան արհեստագիտութիւնները նման համաձայնագրի մաս պիտի չկազմեն «նոյնիսկ այն պարագային, եթէ Անգարան ստանայ այդ ինքնաթիռները»։ 

Նախապէս, Թրամփ յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն կ՚ուսումնասիրէ Թուրքիոյ F-35-ներու մատակարարման հարցը՝ միեւնոյն ժամանակ վստահութիւն յայտնելով, որ Անգարա պիտի չ՚օգտագործէ զանոնք Իսրայէլի դէմ։ Սեպտեմբերին ան նաեւ նշած էր, որ ԱՄՆ կրնայ թոյլ տալ Թուրքիոյ ձեռք բերել F-35-ներ, եթէ նախագահ Էրտողան «որեւէ բան ընէ» ի շահ Ամերիկայի։