Միջազգային համագործակցութիւն ԲԸՏՄ-ի եւ CNF-ի միջեւ

անօդաչու

Բնապահութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմինի (ԲԸՏՄ) ու Կովկասի բնութեան հիմնադրամի (CNF) համագործակցութեան ծիրէն ներս այս անգամ ԲԸՏՄ-ին նուիրաբերուած է DJI Matrice 30T տեսակի ժամանակակից անօդաչու սարք եւ զայն սպասարկող անհրաժեշտ միջոցներ։

DJI Matrice 30T անօդաչու սարքը յագեցած է ջերմատեսիլ եւ բարձր լուծաչափի տեսախցիկներով, որ հնարաւորութիւն կու տայ արագ արձանագրելու ապօրինի գործունէութեան դէպքերն ու ապահովելու տուեալներու աւելի ճշգրիտ եւ ամբողջական հաւաքագրում։

Այս արդիական անօդաչուները.

  • կը դիւրացնեն դժուարամատչելի տարածքներու հեռավար հսկողութիւնը
  • վարչարարութեան ծիրէն ներս կը նպաստեն հիմնաւոր ապացուցողական շտեմարանի հզօրացման,
  • կը նուազեցնեն մարդկային ու ժամանակային աղբիւրներու ծախսերը։

Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ վերջին երեք տարիներուն օգտագործուող անօդաչու սարքերուն շնորհիւ զգալիօրէն բարձրացած է արդիւնաւէտութիւնը վերահսկողական եւ բնապահական վտանգներու կանխարգիլման:

Տեսչական մարմինը կարեւորութիւն կու տայ Կովկասի հիմնադրամին հետ ձեւաւորուած այս բազմամեայ համագործակցութեան եւ բարձր կը գնահատէ նման աջակցութիւն, որ կը միտի պետական վերահսկողութեան համակարգի թեքնիքապէս յագեցման եւ արդիւնաւէտութեան շարունակական բարելաւման։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH