Starlink-ը Հայաստանին կը նուիրէ 56 սարքաւորում եւս՝ արտակարգ իրավիճակներու մէջ կայուն համացանցի համար
SpaceX ընկերութեան սեփականատէր Իլըն Մասք
Բարձր արհեստագիտական ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ ամերիկեան Starlink ընկերութեան միջեւ վարուած բանակցութիւններէ ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը ստացած է Starlink-ի կողմէ նուիրուած 56 սարքաւորում՝ ապագայի հաւանական արտակարգ կացութիւններուն պատրաստուելու նպատակով։
Այս սարքաւորումները կարելիութիւն պիտի ընձեռեն ապահովելու վստահելի եւ արագընթաց համացանցային կապ՝ աղէտներու եւ այլ արտակարգ իրավիճակներու ընթացքին արդիւնաւէտ արձագանգումի համար, կը հաղորդեն Բարձր արհեստագիտական ճարտարարուեստի եւ Ներքին գործոց նախարարութիւնները, որոնց համագործակցութեամբ իրականացուած է այս նախաձեռնութիւնը։
Սարքաւորումները արդէն հասած են Հայաստան, եւ կը նախատեսուի զանոնք յատկացնել Ներքին գործոց նախարարութեան՝ Փրկարար ծառայութեան կարիքներուն համար։ Անոնք պիտի նպաստեն արտակարգ կացութիւններու մէջ Հայաստանի կապի միջոցներու բազմազանացման ու ամրապնդման, մասնաւորապէս՝ փրկարարական գործողութիւններու, բնական աղէտներու, ճգնաժամային իրավիճակներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ այն պարագաներուն, երբ կապի աւանդական ենթակառոյցները սահմանափակուած, գերծանրաբեռնուած կամ խափանուած են, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Starlink-ի եւ ՀՀ Բարձր արհեստագիտական ճարտարարուեստի նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան ծիրէն ներս, արդէն իսկ 110 Starlink սարքաւորումներ կ՚ապահովեն հազարաւոր աշակերտներու համացանցային կապը Հայաստանի հեռաւոր բնակավայրերու դպրոցներուն մէջ։
SpaceX ընկերութեան Starlink արբանեակային համացանցը Հայաստանի մէջ հասանելի է անցեալ տարուան Մարտի վերջաւորութենէն։
