Մշտական կապ հայ բանաստեղծութեան հետ

1ac2c5c8-b709-4e07-9f85-0eddf92eabf7 (1)

Յարգելի ուսուցիչներ, ծնողներ,

Միութիւններու, Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ,

Մաշտոց Միու­թեանս 7 Յու­նիս 2026-ին կազ­մա­կեր­պած ար­տա­սանա­կան մրցու­մը շատ մեծ խան­դա­վառու­թիւն ստեղ­ծեց թէ՛ ժո­ղովուրդին մօտ, որ հոծ բազ­մութեամբ ներ­կայ եղաւ, թէ՛ ալ աշա­կեր­տութեան մօտ: Շատ աշա­կեր­ներ ներ­կայ էին սրա­հին մէջ ոչ թէ որ­պէս մրցորդ, այլ պար­զա­պէս մրցոյ­թին մաս­նա­կից ըն­կեր մը կամ ըն­կե­րու­հի մը քա­ջալե­րելու հա­մար: Անոնցմէ եղան մի քա­նիներ, որոնք իրենց ծնող­նե­րուն, ու­սուցիչ­ներուն կամ մե­զի յայտնե­ցին թէ կը փա­փաքին յա­ջորդ տա­րի իրենք ալ մաս­նակցիլ մրցոյ­թին: 

Կը մտա­ծենք այս խան­դա­վառու­թիւնը օգ­տա­գոր­ծել ի շահ մեր լե­զուի զար­գացման, հե­տեւեալ ձե­ւով.- 

Ներ­կա­յիս մենք ու­նինք 30 աշա­կերտներ, որոնցմէ ամէն մէ­կը պատ­րաստ ու­նի ար­դէն եր­կու կտոր­ներ Խրա­խու­նիէն եւ այլ հե­ղինակ­նե­րէ: Ան­ցեալ տա­րի ալ Մաշ­տոց Միու­թեանս կազ­մա­կեր­պած մրցոյ­թէն կան աշա­կերտներ, որոնք կը յի­շեն տա­կաւին իրենց ար­տա­սանած կտոր­նե­րը բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տէն: Արդ, փո­խանակ ձգե­լու որ հայ գրա­կանու­թեան այս եր­կու մեծ բա­նաս­տեղծնե­րու գրած քեր­թուած­նե­րը մոռ­ցուին, նաեւ հա­յերէն ար­տա­սանե­լու, մրցոյթ շա­հելու կրա­կը մա­րի աշա­կերտնե­րուն մէջ, Մաշ­տոց Միու­թիւնս կ՚առա­ջար­կէ՝

ՄՇՏԱ­ԿԱՆ ԿԱՊ ՍՏԵՂ­ԾԵԼ ՄԵՐ ԺՈ­ՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ԵՒ ՀԱ­ՄԱՅՆՔԱ­ՅԻՆ ՀԱՆ­ԴԷՍՆԵ­ՐՈՒ, ՁԵՌՆԱՐԿՆԵ­ՐՈՒ ՅԱՅ­ՏԱ­ԳՐԵ­ՐՈՒՆ ՄԷՋ ՏԵՂ ՏԱԼ ԱՐ­ՏԱ­ՍԱՆՈՂ­ՆԵ­ՐՈՒ, ՄՐՑԱ­ՆԱԿԱ­ՒՈՐ­ՆԵ­ՐՈՒ,

ինչպէս որ յա­ճախ եր­գիչներ, նուագող­ներ կամ պա­րող­ներ կը հրա­ւիրուին՝ գե­ղարուես­տա­կան բա­ժինով մը տուեալ հան­դի­սու­թեան փայ­լը աւելցնե­լու հա­մար: 

Այս նպա­տակը իրա­կանաց­նե­լու հա­մար բա­ւական է որ տուեալ միու­թիւնը կամ կազ­մա­կեր­պութիւ­նը դի­մէ Մաշ­տոց Միու­թեանս եւ այ­սինչ թուակա­նին իր սար­քե­լիք հան­դի­սու­թեան գե­ղարուես­տա­կան բաժ­նին հա­մար ար­տա­սանող աշա­կերտներ խնդրէ:

Մաշ­տոց Միու­թիւնս սի­րայօ­ժար կը ստանձնէ հե­ռաձայնային պարզ կա­պով միշտ թարմ պա­հել աշա­կերտնե­րու յի­շողու­թիւնը՝ ընտրուած բա­նաստեծու­թիւննե­րուն կա­պակ­ցութեամբ, հսկել շեշ­տադրումնե­րու յստա­կաց­ման, աշա­կեր­տը կա­պուած պա­հել հայ գրա­կանու­թեան, ի պա­հան­ջել հար­կին իրեն ծա­նօթաց­նել նոր բա­նաս­տեղծու­թիւններ եւ թե­րեւս յայտնա­բերել իս­կա­կան տա­ղան­դա­ւոր­ներ ու ապա­գայ աս­մունքող­ներ: 

Ներ­կա­յիւս կոչ կ՚ուղղենք ձե­զի, սի­րելի ու­սուցիչ­ներ, միու­թիւննե­րու եւ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ եւ ծնող­ներ, որ­ մե­զի գրէք եւ յայտնէք ձեր կար­ծիքնե­րը, առա­ջարկնե­րը այս նախաձեռնութեան կա­պակ­ցութեամբ:

Յարգանօք՝

Ի դիմաց Մաշտոց Միութեան՝

Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան

Առ այդ, յիշեցնենք մեր հասցէն՝

Association MACHTOTZ,

8 Rue Lamennais, 92370 Chaville