60 կիթառահարներ Երեւանի մէջ հնչեցուցին Խաչատրեանի «Սուսերապար»-ը

Համերգ-գլխաւոր

Երեւանի սրտին մէջ հայ եւ օտար 60 կիթառահարներ, կիթառի «Play2» փառատօնի շրջանակին մէջ համախմբուեցան՝ միասնաբար կատարելու համար Արամ Խաչատրեանի առասպելական «Սուսերապար»-ը։ Այս բացառիկ ելոյթը իրագործուեցաւ Լոնտոնէն ժամանած խմբավարի մը ղեկավարութեամբ։

Արամ Խաչատրեանի կողմէ 1942-ին «Գայիանէ» պալէին համար գրուած այս ստեղծագործութիւնը կը շարունակէ մնալ դասական երաժշտութեան ամէնէն շատ ճանչցուած գործերէն, ինչպէս նաեւ՝ համաշխարհային երաժշտական արուեստին մէջ Հայաստանի մեծագոյն ներդրումներէն մէկը։