Իսրայէլի Քնեսէթը պիտի լուծարուի Յուլիս 17-ին
Յայտնի է ընտրութիւններու օրը
Իսրայէլի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբեր 27-ին, իսկ Քնեսէթը (խորհրդարանը) պիտի լուծարուի Յուլիս 17-ին: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլական Ynet լրատուական կայքէջը:
Իսրայէլական հեռատեսիլի 12-րդ ալիքը իր կարգին կը նշէ, որ ասոնք վերջին 38 տարուան ընթացքին առաջին ընտրութիւնները պիտի ըլլան, որոնք տեղի պիտի ունենան օրէնքով սահմանուած ժամկէտին: Գործող կառավարութիւնն ալ առաջինը պիտի դառնայ վերջին 53 տարուան մէջ, որ ամբողջութեամբ պաշտօնավարած է իր լիազօրութիւններու ամբողջ շրջանին:
***
Ահա՛ թէ ո՛ւր էր թաղուած շան գլուխը… Հիմա ամէն ինչ պարզ ու յստակ դարձաւ։ Զարմանալի չէր, որ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարը այդքան «հերոսաբար» ու հանգիստ խղճով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջէր։ Մարդը քաջատեղեակ էր Քնեսէթի լուծարման թուականներուն եւ գրեթէ վստահ՝ որ իր այդ հնչեղ առաջարկը, ժամանակի սղութեան պատճառով, երբեք պիտի չհասնի քուէարկութեան։
Ուրեմն, ասիկա այլ ոչինչ էր, եթէ ոչ Անգարայի նեարդերուն հետ խաղալու եւ Թուրքիոյ վրայ (նոյն հարցով, անգամ մը եւս) աժան ճնշում բանեցնելու դիւանագիտական փորձ մը՝ առանց որեւէ յաւելեալ պարտաւորութիւն ստանձնելու։ Պարզապէս թատրոն՝ առանց հանդիսատեսի, պարապ աղմուկ՝ աշխարհաքաղաքական առեւտուրի մէջ գին բարձրացնելու համար։
Բայց, զարմացա՞նք։
