Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած է Աշոտ Աղաբաբեանի «Կարդինալը» վէպին գինեձօնը
Շիրակի մարզային գրադարանի նախաձեռնութեամբ, Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած է Աշոտ Աղաբաբեանի «Կարդինալը» վէպին գինեձօնը: Հանդիպումը առիթ ընձեռած է ընթերցողներուն անձամբ հանդիպելու հեղինակին, ծանօթանալու անոր նոր ստեղծագործութեան եւ լսելու գրականագէտներու կարծիքը վէպին մասին:
«Կարդինալը» վէպը Աշոտ Աղաբաբեանի 12-րդ գիրքն է։ Վէպը կը ներկայացնէ Վատիկանի միակ հայ կարդինալ եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք-կաթողիկոս Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաջանեանի կեանքի ոդիսականը՝ մանկութենէն մինչեւ կարդինալ դառնալը: Աղաջանեան երկու անգամ՝ 1958-ին եւ 1963-ին, Հռոմի պապի ընտրութիւններուն եղած է ամենահաւանական թեկնածուն, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով չէ ընտրուած: Ըլլալով Վատիկանի երկրորդ դէմքը (1958–1970)՝ ան աներեւակայելի գործունէութիւն ծաւալած է հայութեան համար, որուն շնորհիւ Քեսապն ու յարակից 9 հայկական գիւղերը փրկուած են թրքական ճիրաններէն: Վէպի հեղինակ Աշոտ Աղաբաբեան նշած է, որ Խորհ. Միութիւնը արգիլած էր հակահամայնավար համարուող հոգեւորականին որեւէ շփում ունենալ հայրենիքին հետ:
Հեղինակը տեղեկացուցած է, որ վէպով ամբողջացուցած է հոգեւորականին կերպարը, ինչ որ կարելի դարձած է Մխիթարեան միաբանութեան, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին, Զմմառի վանքին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արխիւներուն, ինչպէս նաեւ անձնական աղբիւրներէ ստացուած տուեալներուն շնորհիւ: Նախքան վէպի վերածելը, հեղինակը աւելի քան տասը ամիս ուսումնասիրած եւ տեղեկութիւններ հաւաքած է Կարդինալին մասին: Վէպին տպագրութիւնը կարելի դարձած է Աղաջանեան տոհմի շառաւիղ Գրիգոր Աղաջանեանի աջակցութեամբ, որ նախապէս կարդալով ձեռագիրը, որոշած է սատարել գրքին լոյս ընծայման:
