Հոմերոսի «Ոդիսական»-ը պիտի վերածուի հեռատեսիլի շարքի

Օտիսէ

Նկարահանումները պիտի կատարուին նաեւ Հայաստանի մէջ

Հոմերոսի համաշխարհային գրականութեան գլուխգործոցներէն «Ոդիսական»-ը պիտի ունենայ հեռատեսիլային նոր, յաւակնոտ տարբերակ մը, որ պիտի կրէ «Ոդիսեւս» (The Odysseus) խորագիրը։ Ինչպէս կը հաղորդէ յունական «Greek City Times» պարբերականը, այս մեծածաւալ ծրագրին նկարահանումները պիտի սկսին 2027-ի սկիզբը, Հայաստանի եւ Յունաստանի մէջ։

Նոր հեռատեսիլի շարքին գլխաւոր նպատակն է հեռատեսիլի ակնդիրին ներկայացնել Պրոնզէ դարու ժամանակաշրջանի աշխարհի իրատեսական ու վաւերական պատկերը։ Ստեղծագործական կազմը նպատակադրած է խորութեամբ ուսումնասիրել ու վեր հանել այն քաղաքական խարդաւանքները, արիւնալի պատերազմներն ու մարդկային բարդ ճակատագրերը, որոնք ժամանակին ոգեշնչած են այս առասպելական պատմութիւնը։ Միաժամանակ, շարժանկարի ճամբով պիտի քննուին Պրոնզէ դարու քաղաքակրթութեան անկումին շուրջ ծաւալած պատմական իրադարձութիւնները, ինչ որ նոր շունչ ու խորք պիտի հաղորդէ դարաւոր դիւցազներգութեան։

Այս միջազգային ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի համատեղ արտադրութեամբ։ Անոր շուրջ միաւորուած են Աթէնքի մէջ հիմնուած «Tanweer Productions» ընկերութիւնը, ամերիկեան «Tectonic»-ը եւ հայ-ամերիկեան «USATV» հեռատեսիլի ընկերութիւնը։ 

Նկարահանումները նախատեսուած են բնական միջավայրերու՝ Յունաստանի եւ Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ, ինչ որ պիտի նպաստէ երկու երկիրներու բնաշխարհի հանրութեան աւելի լաւ ծանօթացման։ Հայաստանի մասնակցութիւնը այս ծրագրին մէջ կ՚ընդգծուի նաեւ արտադրական մակարդակի վրայ. հայ-ամերիկեան շարժանկարի գործիչ Վահագն Սարգսեան հանդէս կու գայ որպէս հեռատեսիլի այս շարքին գլխաւոր արտադրողներէն (executive producer) մէկը։ Ասիկա կը խոստանայ նոր դռներ բանալ հայկական շարժանկարի ոլորտին եւ միջազգային համագործակցութիւններու զարգացման համար։