Ֆութպոլի համաշխարհային բաժակին տիրացաւ Սպանիան՝ երկրորդ անգամ ըլլալով
Screenshot
Ֆրանսայի դէմ Անգլիա խլեց պրոնզէ մետալը, իսկ Թրամփ կ՚առաջարկէ նոր մրցաշարք մը՝ առանց դրացիներու
Կիրակի, Յուլիս 19-ին, Նիւ Ճըրզիի «Մեթլայֆ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի համաշխարհային բաժակի աւարտական մրցումը, ուր դէմ-դիմաց եկան Սպանիան եւ Արժանթինը։ Անհամար յայտնի անձնաւորութիւններու շարքին, այս մեծ հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփը։
Մրցումին ծայրէ ծայր տիրապետած Սպանիոյ հաւաքականը, հիմնական 90 վայրկեաններու 0-0 հաւասարութենէն ետք, կէս ժամուան երկարաձգման ընթացքին արձանագրած յաղթական կոլով իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ Համաշխարհային բաժակին, զոր Թրամփ անձամբ յանձնեց սպանացիներուն, ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ինֆանթինոյի հետ։ Այս պատմական յաջողութիւնը Սպանիոյ մէջ միլիոնաւոր համակիրներ փողոց իջեցուց՝ ցնծութեան ու յաղթանակի աննախադէպ տօնախմբութիւններու համար։
Նախապէս, Շաբաթ օր կայացած կոլառատ «փոքր աւարտական»-ին (ուր դէմ յանդիման կու գային կիսաւարտականի երկու պարտուողները), Անգլիոյ հաւաքականը 6-4 արդիւնքով յաղթեց Ֆրանսային՝ նուաճելով ֆութպոլի համաշխարհային բաժակի պրոնզէ մետալները։ Հակառակ պարտութեան՝ 27-ամեայ Քիլիան Մպափէ նշանակեց իր 22-րդ կոլը՝ դառնալով մրցաշարքի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկուն։ Ան, սակայն, խոստովանեցաւ, որ շատ աւելի կը նախընտրէր մասնակցիլ աւարտականին, քան թէ՝ տիրանալ անհատական այս տիտղոսին։
Նշենք, որ աւարտական մրցումէն առաջ Սպիտակ տունը յայտարարած էր որ «նախագահ Թրամփի մասնակցութեամբ պիտի եզրափակուի Ամերիկայի պատմութեան ամենադիտուած, ամենաապահով ու յաջողած մրցաշարքը»։ Յատկանշական է նաեւ Թրամփի յայտարարութիւնը, թէ ԱՄՆ ապագային պէտք է վերստին հիւրընկալէ համաշխարհային բաժակի մրցաշարքը, սակայն այս անգամ՝ առանց Մեքսիքային եւ Գանատային։ Ան միաժամանակ բացայայտած է, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճանի Ինֆանթինօ իրեն հետ քննարկած է ապագային ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի միասնաբար համաշխարհային բաժակի մրցաշարք մը կազմակերպելու կարելիութիւնը։
15 միլիառ տոլարի մրցանիշային հասոյթ
«The Guardian»-ին համաձայն՝ ՖԻՖԱ-ն Համաշխարհային բաժակի մրցաշարքէն ձեռք ձգած է 15 միլիառ տոլարի հասոյթ մը, որ զգալիօրէն կը գերազանցէ նախապէս կանխատեսուած 11 միլիառ տոլարի եկամուտը։ Այս մեծ աճը գլխաւորաբար ապահովուած է պանդոկային ծառայութիւններէն եւ տոմսերու վերավաճառքի երկրորդական շուկայէն, ուր ՖԻՖԱ-ն թէ՛ գնորդէն եւ թէ՛ վաճառողէն ստացած է 15 տոկոս միջնորդաչափ։ Ակնկալուած յաւելեալ այս միջոցները հաւանաբար պիտի փոխանցուին ֆութպոլային միութիւններուն։
Տնտեսական այս աննախադէպ յաջողութիւնը, հակառակ իր անուան շուրջ ծագած վերջին գայթակղութիւններուն, որոշապէս կը զօրացնէ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճանի Ինֆանթինոյի դիրքերը։ Անդամ միութիւններէն աւելի քան 200-ը արդէն իսկ խոստացած են զօրակցիլ անոր՝ Ֆութպոլի համաշխարհային դաշնակցութեան (ՖԻՖԱ) նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու հարցով։ Շուկայի այս տաք մթնոլորտին մէջ, Նիւ Ճըրզի կայացած Սպանիա–Արժանթին մեծ աւարտականի «Բաժակներու սրահ»-ի տոմսերէն իւրաքանչիւրը վաճառուած է աստղաբաշխական՝ 34 500 տոլարով։
