Ակնկալուող նահանջը
Ազերպայճանի ճնշումին տակ Իսրայէլ կասեցուց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քուէարկութիւնը
Ինչպէս կ՚ակնկալուէր, Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ անցեալ ամիս հաւանութեան արժանացած՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը ի վերջոյ չդրուեցաւ Քնեսէթի քուէարկութեան. գլխաւոր պատճառը վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վրայ բանեցուած ազերպայճանական ճնշումներն են։ Այս մասին իսրայէլեան «Հաարեց» (Haaretz) թերթին յայտնած է տեղական լաւատեղեակ աղբիւր մը։
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ վարչապետ Նեթանիահու անձամբ խափանած է Արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարի կողմէ յառաջ մղուող այս քուէարկութիւնը, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւի՝ Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակին հետ կապ հաստատելէն անմիջապէս ետք։
«Հաարեց» կը տեղեկացնէ նաեւ, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը այնուհետեւ պաշտօնապէս տեղեակ պահած է ազերպայճանցի պաշտօնատարները, որ հարցը ամբողջութեամբ հանուած է Քնեսէթի օրակարգէն։ Հետեւաբար, նախագիծը վերջնականապէս դուրս մնացած է անցեալ շաբաթ խորհրդարանի ամառնային արձակուրդէն առաջ կայացած քուէարկութիւններու շարքէն։
