ՓԱՐԻԶ — Հիւպատոսական ծառայութիւններու նոր հասցէն

Screenshot

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը հաղորդէ, թէ Յուլիս 27-էն սկսեալ հիւպատոսական ծառայութիւնները պիտի մատուցուին դեսպանութեան նոր շէնքին մէջ՝ հետեւեալ հասցէով. 9-11 Rue Bénouville, 75116 Paris:

Հիւպատոսական հարցերու վերաբերող հեռաձայնային խորհրդատւութիւնը առժամաբար պիտի տրամադրուի նաեւ հետեւեալ թիւերով՝ +33 7 72 00 16 78 եւ +33 7 72 01 98 04՝ Երկուշաբթիէն Հինգշաբթի, ժամը 15-էն մինչեւ 17։