Երուսաղէմ. հայկական թաղամասը վերածուած է Իսրայէլի մէջ հակաքրիստոնէական ատելութեան կեդրոնի
Ահազանգող զեկոյց մը կը փաստագրէ Երուսաղէմի մէջ քրիստոնեաներու դէմ յարձակումներու աճը։ 2025 Ապրիլէն Յունիս արձանագրուած հակաքրիստոնէական միջադէպերուն կէսը կեդրոնացած է միայն հայկական թաղամասին մէջ։ Երեւոյթին արդէն անդրադարձած էինք Մայիս 19-ի մեր թիւին մէջ (2293)։ Ստորեւ՝ աւելի մանրամասնօրէն, յաւելեալ տեղեկութիւններով։
Կրօնական ազատութեան տուեալներու կեդրոնը (RFDC) հրապարակած է իր վերջին եռամսեայ զեկոյցը, ուր կը նշուին 2025-ի երկրորդ եռամսեային Իսրայէլի մէջ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած 50 ատելավառ արարքներ։ Այս յարձակումներուն մեծամասնութիւնը տեղի ունեցած է Երուսաղէմի Հին քաղաքին, աւելի ճիշդ՝ հայկական թաղամասին մէջ, ուր կեդրոնացած են փաստագրուած միջադէպերուն ճիշդ 50 տոկոսը։
Ըստ կեդրոնի տուեալներուն՝ յարձակումներուն 64 տոկոսը պատահած է Հին քաղաքի պարիսպներէն ներս։ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը կը հանդիսանայ ամէնէն յաճախ թիրախաւորուող քրիստոնէական վայրը։ Միւս տուժած գօտիներն են Եաֆֆայի դուռն ու Դաւիթի փողոցը (25 տոկոս), Վիա Տոլորոսան (13 տոկոս), ինչպէս նաեւ Խապատ եւ ՀաԱշուրիմ փողոցները (6-ական տոկոս)։ Հին քաղաքէն դուրս, միջադէպերուն 22 տոկոսը արձանագրուած է Սիոն լեռան վրայ, 10 տոկոսը՝ Արեւմտեան Երուսաղէմի մէջ, իսկ եզակի դէպքեր՝ Գեթսեմանիի եւ արուարձանային այլ գօտիներու մէջ։
Յարձակումներու ամէնէն տարածուած ձեւը թքնելն է (78 տոկոս)՝ առօրեայ ոտնձգութիւն մը, որուն մասին կը վկայեն հոգեւորականներն ու քրիստոնեայ բնակիչները։ Ասոր կը գումարուին հայհոյանքները (8 տոկոս), վանդալական արարքները (4 տոկոս), ապօրինի ներխուժումներն ու սրբավայրերու պղծումը։ Բազմաթիւ յարձակումներ գործուած են թափօրներու, արարողութիւններու ընթացքին կամ կրօնաւորի տարազ կրող անձերու դէմ։ Զեկոյցը կը նշէ նաեւ հայ հոգեւորականներուն ուղղուած հրկիզման սպառնալիքներ եւ համակարգուած բառացի յարձակումներ։ Տուժողներու շարքին են հայ, փրակիսկեան, ուղղափառ եւ կաթողիկէ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ աշխարհական հաւատացեալներ։
Կեդրոնը կ՚ընդգծէ, որ 2025-ի Յունուարէն ի վեր այս միջադէպերէն հազիւ 22-ը պաշտօնապէս զեկուցուած է իսրայէլեան ոստիկանութեան։ Այս գանգատներէն միայն երկուքին պարագային դատական հետապնդում սկսած է. վեցը փակուած է առանց հետեւանքի, իսկ տասնչորսը կը մնայ անպատասխան, ինչ որ ցոյց կու տայ անպատժելիութեան մտահոգիչ մշակոյթ մը։ Մայիսին Քնեսէթի մէջ (իսրայէլեան խորհրդարան) տեղի ունեցած լսումներուն, ոստիկանութիւնը խոստովանած է, որ նման գործերով տարեկան միջին հաշուով միայն մէկէն երեք մեղադրական եզրակացութիւն կը հրապարակուի։
Այս զեկոյցը իսրայէլեան խորհրդարանին մէջ ներկայացուեցաւ երեսփոխան Կիլատ Քարիւի նախագահած երկու նիստերու ընթացքին, ուր ներկայ էին քրիստոնեայ հոգեւորականներ, դիւանագէտներ եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ։ Հին քաղաքին մէջ նախատեսուած է յաջորդող հանդիպում մը՝ տուժածներու վկայութիւնները լսելու համար։ Հայկական հարցերու իսրայէլացի փորձագէտ Եարոն Վայս իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձակումներու բազմապատկման գծով՝ ուղղակի կապ տեսնելով այս դէպքերուն եւ հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» տարածքը իւրացնելու կրկնուող փորձերուն միջեւ։
Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռին տուած իր հարցազրոյցին մէջ ան իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է խիստ հակազդեցութիւն ցուցաբերելու։ “Ժամանակն է պաշտպանելու այս փոքրիկ հայ համայնքը եւ վերջ տալու յարձակողներու անպատժելիութեան”,– յայտարարած է Վայս՝ ցաւ յայտնելով, որ նոյնիսկ ձերբակալուած կասկածելիները ընդհանրապէս ազատ կ՚արձակուին առանց որեւէ հետեւանքի։
Այս կացութեան դիմաց գործնական քայլեր առնելու նպատակով, Կրօնական ազատութեան տուեալներու կեդրոնը կ՚առաջարկէ կրօնական զգայուն ժամանակահատուածներուն ուժեղացնել ոստիկանական ներկայութիւնը, վտանգաւոր գօտիներու մէջ տեղադրել հսկիչ տեսախցիկներ, դպրոցներէն ներս կիրարկել կրթական ծրագրեր եւ աւելի լաւ ճանչնալ քրիստոնէական ներկայութիւնը Երուսաղէմի հանրային տարածքներուն մէջ։ Յիշեցնենք, որ այս կեդրոնը 2023-ին հիմնադրուած է իսրայէլացի հրեայ համալսարանական, քրիստոնէութեան պատմաբան եւ միջկրօնական երկխօսութեան երկարամեայ գործիչ Իսքա Հարանիի կողմէ։ Ան նպատակ ունէր անկախ հարթակ մը ստեղծելու՝ փաստագրելու եւ դատապարտելու համար հակաքրիստոնէական յարձակումները, որոնք շատ յաճախ կը նսեմացուին իսրայէլեան հանրային քննարկումներուն մէջ։ Անոր խիզախ յանձնառութիւնը կ՚ընդգծէ, որ այս պայքարը դաւանաբանական չէ, այլ արդարութեան հրամայական։
Զեկոյցը լոյս կը սփռէ յաճախ լռութեան մատնուած իրականութեան մը՝ Իսրայէլի եւ յատկապէս Երուսաղէմի մէջ հակաքրիստոնէական բռնութիւններու յարատեւման ու սրացման վրայ։ Հայկական թաղամասը, որ քրիստոնէական ներկայութեան պատմական սիրտն է, այսօր կը դառնայ այս ցաւալի երեւոյթին խորհրդանիշը։ Իշխանութիւններու լռութիւնն ու մեղաւորներու անպատժելիութիւնը միայն կը զօրացնեն տեղացի քրիստոնեաներու լքուածութեան զգացումը։ Առանց խիստ հակազդեցութեան, այսօր վտանգուած է այս հազարամեայ համայնքներու գոյատեւումն իսկ։
