Նախարար Ժաննա Անդրէասեան պարգեւատրած է Սիմոն Աբգարեանը

Աբգարեան

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեան ֆրանսահայ անուանի դերասան, թատերագիր եւ բեմադիր Սիմոն Աբգարեանը պարգեւատրած է Նախարարութեան ոսկէ մետալով։ Արուեստագէտը պարգեւատրուած է համաշխարհային թատերարուեստի եւ շարժապատկերի մարզին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին, հայկական մշակոյթը միջազգային հարթակներու վրայ արժանավայել ներկայացնելուն, ինչպէս նաեւ հայ-ֆրանսական մշակութային կապերու զարգացման ուղղուած երկարամեայ ու բեղուն գործունէութեան համար։

Արուեստագէտին յանձնուած է նաեւ «Ոսկէ ծիրանի վարպետ» մրցանակը։ Իր երախտագիտութիւնը յայտնելով այս գնահատանքին համար՝ Սիմոն Աբգարեան ընդգծած է. “Ուրախ եմ, որ Հայաստան կը գտնուիմ եւ կը հանդիսանամ այս գեղեցիկ փառատօնին մէկ մասնիկը”։

Սիմոն Աբգարեան Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 23-րդ միջազգային շարժանկարի փառատօնի պատուոյ հիւրերէն է։ Փառատօնի ծիրէն ներս, Յուլիս 16 եւ 17-ին հանդիսատեսը առիթը ունեցած է դիտելու բեմադիր Անթոնէն Պոտրիի երկու մասէ բաղկացած «Տը Կօլի պայքարը» ֆիլմը. պատմակենսագրական այս ժապաւէնին մէջ Սիմոն Աբգարեան կը մարմնաւորէ զօրավար Շառլ տը Կօլի կերպարը։