Հայկական արտադրանքը կը շարունակէ իր շուկաներու բազմազանացման փորձերը 

Գարֆուր

Դեսպան Խաչատրեան կ՚ընդունի «Carrefour» առեւտրային ցանցի միջազգային ապրանքներու գծով տնօրէն Ռեժիս Ֆրոտէնը

Քննարկումներ՝ ֆրանսական «Carrefour»-ին հետ

Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, «չկայ չարիք՝ առանց բարիք»։ Հայկական արտադրանքին դէմ Ռուսաստանի կողմէ վերջերս պարտադրուած սահմանափակումները թէեւ նախապէս որոշ մտահոգութիւն յառաջացուցին, սակայն դէպքերու բերումով անոնք դարձան այն անհրաժեշտ ազդակը, որ պարտադրաբար մղեց հայկական կողմը՝ իր արտածումներուն համար նորանոր շուկաներ որոնելու։ Իրականութեան մէջ, արտածման շուկաներու բազմազանացումը ո՛չ միայն աւելի առողջ, կայուն եւ ապահով ռազմավարութիւն է, քան պարզապէս մէկ երկրէ կախեալ վիճակ ունենալը, այլեւ՝ միակ ճիշդ ուղին, որ արդէն իսկ պէտք էր որդեգրուած ըլլար երկար ատենէ ի վեր՝ առանց սպասելու որեւէ ճգնաժամի կամ արտաքին պարտադրանքի։ Այս սթափեցնող, բայց խիստ օգտակար անցումի ծիրէն ներս, Հայաստան այժմ կը թիրախաւորէ եւրոպական, մասնաւորապէս՝ ֆրանսական լայն սպառման շուկաները։

Ճիշդ այս հեռանկարով, Յուլիս 16-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան դեսպանատան մէջ հիւրընկալած է ֆրանսական հսկայ «Carrefour» առեւտրային ցանցի միջազգային ապրանքներու գծով տնօրէն Ռեժիս Ֆրոտէնը։

Հանդիպման ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուած են ֆրանսական շուկայ, մասնաւորապէս՝ «Carrefour» ցանցի միջոցով հայկական արտադրանքի ներածման կարելիութիւնները։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են հայկական սննդամթերքի եւ այլ ապրանքատեսակներու մրցունակութեան, ֆրանսացի սպառողի նախասիրութիւններուն, ինչպէս նաեւ եւրոպական շուկայ մուտք գործելու համար պահանջուող չափանիշերուն ու ընթացակարգերուն շուրջ։

Իր կարգին, Ռեժիս Ֆրոտէն ներկայացուցած է «Carrefour»-ի գործունէութեան իւրայատկութիւնները, մատակարարներու ընտրութեան ու ապրանքներու ներածման հոլովոյթները, ինչպէս նաեւ ցանցին կողմէ կիրարկուող որակական եւ առեւտրային խիստ պահանջները։

Դեսպան Խաչատրեան խիստ կարեւոր նկատած է ֆրանսական մանրածախ մեծ ցանցերուն հետ համագործակցութեան զարգացումը՝ զայն համարելով Հայաստանի արտածման ներուժի ընդլայնման եւ հայկական ապրանքանիշերու միջազգային ճանաչելիութեան բարձրացման գլխաւոր խթան։

Հանդիպման աւարտին, երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնուած է շարունակելու երկխօսութիւնը եւ ուսումնասիրելու գործակցութեան նոր ուղիներ՝ ի խնդիր ֆրանսական շուկային մէջ հայկական ապրանքատեսակներու ներկայութեան արմատաւորման ու հետեւողական ընդլայնման։

ԱՄԷ-ի գործարարները կ՚ուսումնասիրեն Հայաստանէն թարմ բանջարեղէնի, ծաղիկներու եւ հանքային ջուրերու ներածման կարելիութիւնները

Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արման Խոջոյեան Յուլիս 16-ին հանդիպում ունեցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) գործարար պատուիրակութեան հետ՝ քննարկելով Հայաստանէն դէպի Էմիրութիւններու շուկայ թարմ բանջարեղէնի, ծաղիկներու եւ հանքային ջուրերու արտածման հեռանկարները։ Զրոյցի ընթացքին մասնաւոր անդրադարձ կատարուած է նաեւ արտածման հոլովոյթի կազմակերպման, փոխադրական երթուղիներու հարցերուն եւ բուսաառողջապահական պահանջներուն։

Արման Խոջոյեան հիւրերուն ներկայացուցած է արտածման խթանման ուղղուած պետական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայկական ջերմոցային տնտեսութիւններու հարուստ ներուժն ու արտադրանքի որակական առաւելութիւնները։ Հանդիպման ներկայ արտադրողներն ու փոխադրական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները եւս անդրադարձած են իրենց փորձառութեան ու մատակարարման կարողութիւններուն։ Աւարտին, կողմերը պայմանաւորուած են ամրապնդել գործարար կապերն ու տեղեկատւութեան փոխանակումը՝ ընդլայնելու համար երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական գործակցութիւնը։

Գործնական կարելիութիւններուն մօտէն ծանօթանալու նպատակով, Յուլիս 17-ին Արման Խոջոյեան, Հայաստանի մէջ ԱՄԷ-ի դեսպան Նարիման Ալ Մուլլան եւ գործարար պատուիրակութեան անդամները այցելած են շարք մը ջերմոցային տնտեսութիւններ։ Անոնք տեղւոյն վրայ ծանօթացած են արտադրական հզօրութիւններուն, ծրարման, սառնարանային պահպանման եւ ենթակառուցային պայմաններուն։