Ռոբերտ Քոչարեան պիտի չստանձնէ երեսփոխանական լիազօրագիրը

ՌՔ

Ռոբերտ Քոչարեան պիտի չստանձնէ երեսփոխանական լիազօրագիրը. այս մասին «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տեղեկացուցած է «Հայաստան» դաշինքի երեսփոխանի թեկնածու Ակնեսա Խամոյեան։

Ըստ անոր՝ Քոչարեան արդէն իսկ լիազօրագրէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած է Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին։

Հայաստանի երկրորդ նախագահը կը գլխաւորէր ցանկը. ընդդիմադիր ուժի ցանկին մէջ ընդգրկուած յաջորդ 12 թեկնածուները պիտի ստանձնեն լիզօրագրերը,– յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ ցանկին թիւ երկուքն էր։

Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն համաձայն՝ «Հայաստան» դաշինքը ստացած է 144 հազար 983 քուէ կամ 9,9231 տոկոս։