Պաքու կը յայտարարէ, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի նուազեցնէ դէպի Եւրոպա ստուգումներուն թիւը
Ցամաքային միջազգային բեռնափոխադրողներու ազերպայճանական ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար Քենան Ղուրպանով Յուլիս 21-ին յայտարարած է, թէ՝ “«Զանգեզուրի միջանցք»-ի շահագործման յանձնուելէն ետք, դէպի Եւրոպա բեռնափոխադրումներով պիտի նուազին հեռաւորութիւնները, մատակարարման ծախսերն ու սահմանային անցակէտերուն թիւը”։
“Միջանցքի գործարկումէն ետք, հիմնական առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ երթուղիի երկայնքին սահմանային ստուգումներու պարզացումն ու թուայնացումը”,– նշած է Ղուրպանով։
Յիշեցնենք, որ Պաքուն «Զանգեզուրի միջանցք» կ՚անուանէ Հայաստանէն անցնող եւ Ազերպայճանը Նախիջեւանին կապող TRIPP ծրագիրը։
