Փաշինեան շնորհաւորած է Մեծն Բրիտանիոյ նորընտիր վարչապետը
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «X» հարթակին վրայ շնորհաւորած է Մեծն Բրիտանիոյ նորընտիր վարչապետ Էնտի Պըրնհեմը՝ պաշտօնը ստանձնելուն առիթով։
«Անհամբեր կը սպասեմ սերտօրէն գործակցելու ձեզի հետ՝ Հայաստան — Միացեալ Թագաւորութիւն ռազմավարական գործընկերութիւնը խորացնելու եւ մեր ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը ամրապնդելու համար»,– գրած է Փաշինեան։
Պըրնհեմ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած է Յուլիս 20-ին՝ Քիր Սթարմըրի հրաժարականէն յետոյ։ Պաշտօնը ստանձնելէ ետք ան հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրաինայի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին հետ։
Արարատ Միրզոյեանն ալ շնորհաւորած է իր պաշտօնակից Էտուարտ Միլիպենտը
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ պաշտօնը ստանձնելուն առիթով շնորհաւորած է Միացեալ Թագաւորութեան նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Միլիպենտը։
Միրզոյեան իր շնորհաւորանքը փոխանցած է «X» հարթակին վրայ կատարած գրառումով մը. «Կը շնորհաւորեմ Էտուարտ Միլիպենտը՝ Միացեալ Թագաւորութեան Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով։ Անհամբեր կը սպասեմ ձեզի հետ համագործակցելու՝ յանուն Հայաստան-Մեծն Բրիտանիա ռազմավարական գործընկերութեան յառաջ մղման եւ մեր հասարակաց առաջնահերթութիւններու ծիրէն ներս գործակցութեան խորացման»։

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Մեծն Բրիտանիոյ նոր վարչապետ Էնտի Պըրնհեմ, Յունիս 20-ին պաշտօնը ստանձնելէ ետք, յայտարարած էր նոր կառավարութեան կազմը։ Ըստ այդմ, Արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է Էտուարտ Միլիպենտ, որ 2010-էն 2015 թուականներուն եղած է Աշխատաւորական (Labour) կուսակցութեան առաջնորդը։ Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը վստահուած է Ճոն Հիլիին, որ Յունիսին հրաժարած էր Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն՝ ի նշան բանակի եւ նաւատորմի թերգանձատրման դէմ բողոքի։ Շապանա Մահմուտ պահպանած է Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը, զոր կը վարէ 2025-էն ի վեր։ Արտաքին գործոց նախկին նախարար Իվեթ Քուփըր նշանակուած է Առողջապահութեան նախարար, իսկ Առողջապահութեան նախկին նախարար Ուես Սթրիթինկ՝ Պաշտպանութեան նախարար։
Յիշեցնենք, որ Յունիս 20-ին Չարլզ Գ. թագաւորը պաշտօնապէս ընդունած էր Քիր Սթարմըրի հրաժարականը՝ վարչապետ նշանակելով Պըրնհեմը եւ անոր յանձնարարելով կառավարութիւն կազմել։ Մեծն Մանչեսթըրի 56-ամեայ նախկին քաղաքապետը Յունիս 17-ին ստանձնած էր իշխանութեան Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնը։
