Թրամփ. «Ամէն անգամ, որ Իրան ամերիկացի զինուոր մը սպանէ, բազմապատիկ աւելին պիտի վճարէ»
Յուլիս 20-էն 21, ասներորդ գիշերն ըլլալով՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ փոխհրաձգութիւնը շարունակուած է, կը հաղորդեն միջազգային լրասփիւռները։
Նախքան ԱՄՆ-ի հարուածներուն վերսկսիլը, նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, թէ Իրան ծանր գին պիտի վճարէ զոհուած ամերիկացի զինուորներուն համար։
“Ամէն անգամ, որ Իրան ամերիկացի զինուոր մը սպանէ, բազմապատիկ աւելին պիտի վճարէ։ Այս հրահանգը փոխանցուած է պատերազմի նախարար Փիթ Հեքսեթին, սպայակոյտերու միացեալ պետ Տանիէլ Քէյնին եւ բանակի բոլոր ղեկավարներուն”,– ընկերային ցանցերու վրայ գրած է ԱՄՆ-ի նախագահը։
Ամերիկեան Կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարած է Իրանի դէմ հինգ ժամ տեւած հարուածներու մասին։ «Ամերիկեան ուժերը հարուածեցին Իրանի ռազմական հրամանատարական կեդրոնները, ծովային յենակէտերը, հրթիռներու եւ անօդաչու սարքերու կայանները, ինչպէս նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը՝ թուլցնելու համար Հորմուզի նեղուցով անցնող նաւերուն վրայ յարձակումներ գործելու Իրանի կարողութիւնը»,– մանրամասնած են զինուորական կառոյցէն։
Իրանի մէջ պայթումներ լսուած են Թաւրիզի, Չապահարի, Քոնարաքի, Պանտար Մահշահրի եւ Պանտար Իմամ Խոմէյնիի մէջ։ Թաւրիզէն հարաւ-արեւմուտք մէկ հոգի զոհուած է, իսկ ուրիշներ վիրաւորուած են, կը հաղորդէ իրանեան պետական IRNA գործակալութիւնը։
Յուլիս 20-էն 21-ի գիշերը Իրանի պատասխան գործողութիւններու թիրախը հանդիսացած են Քուէյթն ու Պահրէյնը, յայտնած են Իրանի պետական լրասփիւռները։
Կիսապաշտօնական «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ Իսլամական յեղափոխութեան պահակազօրքը (ԻՅՊ) անձնասպանական (քամիքազէ) անօդաչու սարքերով թիրախաւորած է ամերիկեան ռազմական կայաններ Քուէյթի մէջ՝ Արիֆճանի մէջ վարչական շէնքեր եւ ալեհաւաքներ, Ալ-Ատիրիի մէջ ուղղաթիռներու կայանման վայրեր, «Ալ-Ճապէր» ռազմակայանին մէջ զօրանոցներ, «Ալի Ալ-Սալէմ» օդակայանին մէջ անօդաչուներու կայաններ եւ այլ ռազմական սարքաւորումներ։
Ինչ կը վերաբերի Պահրէյնին, ԻՅՊ-ն յայտարարած է, որ Մուհառաք շրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան հակաօդային պաշտպանութեան եւ ռատարային համակարգեր ոչնչացուցած են։ Ըստ IRIB պետական հեռատեսիլի կայանի հաղորդումին՝ ԻՅՊ-ն նաեւ պնդած է, թէ հրթիռներու եւ անօդաչու սարքերու համակարգուած յարձակումով՝ Ալ-Ռիֆա շրջանին մէջ ամերիկեան «Patriot» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ մը ոչնչացուած է։
Չդադրող փոխհրաձգութեան զուգահեռ, կը յամենան նաեւ համաշխարհային ուժանիւթի մատակարարման համար առանցքային նկատուող Հորմուզի նեղուցին շուրջ մտահոգութիւնները։
ԻՅՊ-ն յայտարարած է, որ երկու նաւթատար նաւ պայթած է նեղուցի «անապահով» երթուղիէն անցնելու փորձի ընթացքին։
Միացեալ Թագաւորութեան ծովային առեւտուրի գործակալութիւնն ալ իր կարգին յայտնած է, որ անծանօթ արկ մը նաւ մը խոցած է Հորմուզի մէջ։
Միաժամանակ, Եմէնի՝ Իրանի աջակցութիւնը վայելող հութիները նախապէս յայտարարեցին Սաուտական Արաբիոյ դէմ ծովային արգելափակում սահմանելու մասին՝ աւելի եւս սրելով ԱՄՆ-Իրան պատերազմը։
Լա՞լ, թէ՞ խնդալ. Իսրայէլ կը յայտարարէ, թէ «շահագրգռուած չէ» ԱՄՆ-Իրան հակամարտութեան մէջ ներքաշուելով
Լա՞լ, թէ՞ խնդալ… Ճիշդ այս հարցումն է, որ կը ծագի մարդու մտքին մէջ, երբ կը կարդայ Իսրայէլի Ելեւմուտքի նախարար Պեզալէլ Սմոթրիչի վերջին յայտարարութիւնը։ Մինչ բոլորին յայտնի է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ սկիզբ առած այս ծանրակշիռ պատերազմը ոչ միայն հրահրուեցաւ գլխաւորաբար Իսրայէլի պատճառով ու դրդումով, այլեւ ծաւալեցաւ անոր անմիջական մասնակցութեամբ, իսրայէլացի պաշտօնատարը այժմ կը պնդէ, թէ իր երկիրը ԲՆԱՒ «ՇԱՀԱԳՐԳՌՈՒԱԾ ՉԷ» միանալու Իրանի դէմ մղուող արշաւին։
Ըստ իսրայէլական «Ynet» լրատուական կայքին, կեդրոնական Իսրայէլի մէջ կայացած համագումարի մը ընթացքին, Սմոթրիչ անվարան յայտարարած է, որ ներկայ իրավիճակը ձեռնտու է իրենց, եւ իրենք ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ունին ներքաշուելու այս հակամարտութեան մէջ, թէեւ պատրաստ են դէպքերու որեւէ զարգացման։ Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ Իսրայէլի գլխաւոր նպատակը իրանեան վարչակարգի տկարացումն է, ինչ որ լաւագոյնս կարելի է իրագործել տնտեսական լծակներով (հոս կարելի է հարց տալ, թէ ուրեմն ինչո՞ւ այդ մասին չմտածեցին նախքան պատերազմ հրահրելը)։
Յիշեցնենք, որ վերջին օրերուն ամերիկեան-իրանեան բախումները աննախադէպ կերպով սրած են՝ ԱՄՆ-ի օդային հարուածներով եւ Իրանի կողմէ շրջանին մէջ ամերիկեան թիրախներու դէմ կատարուող պատասխան յարձակումներով։ Եւ այս բոլորին մէջ, հակամարտութեան գլխաւոր պատճառ հանդիսացող եւ անոր անմիջականօրէն մասնակցող կողմը այժմ կը նախընտրէ կողքէն դիտողի դեր ստանձնել։
