Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանը կը դիմէ ՄԻԵԱ

ՌՎ

Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբան Սիրանուշ Սահակեան դիմած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան (ՄԻԵԱ)՝ բողոքարկելով Պաքուի զինուորական դատարանին կողմէ իր պաշտպանեալին դէմ արձակուած 20 տարի ազատազրկման անարդար վճիռը։ Դիմումին մէջ կը վկայակոչուին Մարդկային իրաւանց եւրոպական հռչակագրի ութ յօդուածներու խախտումներ։ Յուլիս 19-ին Սթրազպուրկի մէջ ներկայացուած դիմումը կը բացայայտէ, որ վճիռը հիմնուած է այն անհեթեթ պնդումին վրայ, թէ Վարդանեան 2020 Դեկտեմբերին միացած է արցախեան «յանցաւոր խմբաւորման մը», մինչդեռ ան այդ ժամանակ կը բնակէր Մոսկուա (Ռուսաստան)։

Փաստաբանական խումբը որոշած է չբողոքարկել վճիռը ազերպայճանական դատական համակարգին մէջ՝ զայն որակելով կանխորոշուած եւ բեմադրուած դատավարութիւն, ուր արդարութիւն գտնելը անկարելի է։ 

Յիշեցնենք, որ 2026 Փետրուար 17-ին Պաքուի դատարանը Վարդանեանը մեղաւոր ճանչցած էր Ազերպայճանի քրէական օրէնսգիրքի 21 յօդուածներով ու 41 դրուագներով՝ ներառեալ ահաբեկչութեան եւ զինուած խումբերու գանձատրման շինծու մեղադրանքներով։ Դատարանը Վարդանեանի բարեսիրական եւ կրթական երկարամեայ ծրագրերը (ինչպէս՝ Դիլիջանի միջազգային դպրոցն ու «Աւրորա» նախաձեռնութիւնը) ներկայացուցած է իբրեւ ահաբեկչութեան գանձատրում, Արցախի մէջ անոր պաշտօնավարութիւնը՝ իշխանութեան բռնի իւրացում, իսկ Լաչինի միջանցքով Արցախ մուտք գործելը՝ պետական սահմանի խախտում։

Վարդանեան Արցախի նախկին ղեկավարներէն առաջինն է, որուն գործը կը հասնի ՄԻԵԱ։ Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար պահուող 19 հայ պատանդներու դատավճիռները ցայսօր միայն կը պարսաւուին միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցներուն կողմէ. «Ամնեսթի Էնթերնասիոնալ»-ը զանոնք որակած էր «արդարադատութեան ծաղր»։