Հայկական ժողովրդական պարերը կը վերակենդանանան

Screenshot

Screenshot

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ

Տիյարպաքըրի (Տիգրանակերտ) պատմական Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ սկսած է եռօրեայ աշխատանոց մը, որուն նպատակն է վերակենդանացնել ժամանակի ընթացքին մոռցուած հայկական աւանդական պարերը։

Նախաձեռնութեան կազմակերպիչն է Արմէն Ղազարեան, որ կը հանդիսանայ Ֆրանսայի մէջ գործող «ԵՐԿԻՐ Եւրոպա» կազմակերպութեան պատասխանատուներէն մէկը։ Ան վերջին տարիներուն Թուրքիոյ զանազան շրջաններուն մէջ կը զբաղի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու լայն հանրութիւններու ծանօթացման ծրագրերով։

Հայկական աւանդական պարերու աշխատանոցին մասնակցութիւն կը բերեն ո՛չ ﬕայն Տիյարպաքըրի հայ համայնքի անդաﬓեր, այլ նաեւ քաղաքի բազմաթիւ բնակիչներ։ Մասնակիցները սորված են Տիյարպաքըրի եւ շրջակայ գաւառներու հայերու երբեﬓի ժողովրդական պարերը, որոնք երկար տասնաﬔակներու ընթացքին գրեթէ մոռացութեան մատնուած էին։ Երաժշտութեան ընկերակցութեամբ կը ներկայացուին զանազան պարեր, ﬔծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով ներկաներուն մէջ։

Արմէն Ղազարեան, խօսելով նախաձեռնութեան մասին, յայտնեց թէ շուրջ 15 տարիէ ի վեր Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ մշակութային ծրագրեր կը կազմակերպեն։ Նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը առաջին քայլն է, իսկ յառաջիկային կը նախատեսեն իրականացնել աւելի ընդարձակ ծրագրեր, որոնք պիտի ընդգրկեն նաեւ հայկական երգեր, ﬔղեդիներ, հեքիաթներ եւ տեղական մշակութային ժառանգութեան այլ բաղադրիչներ։ Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի

Տիյարպաքըրի քաղաքապետարանին եւ տեղական մշակութային հաստատութիւններուն հետ։

Դիտել տանք որ ծրագիրը կազմակերպուած է Տիյարպաքըրի Մայր քաղաքապետարանի, Արամ Տիգրան երաժշտանոցի, Տիգրիս-Եփրատ ﬕութեան, Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի եւ տեղական մշակութային այլ կառոյցներու համագործակցութեամբ։

Այսպիսի ձեռնարկ մը առաջին անգամ կը կազմակերպուի եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Ան նշեց որ շուրջ մէկ դար առաջ Տիյարպաքըրի մէջ լայնօրէն տարածուած հայկական պարերը այսօր գրեթէ մոռցուած են, եւ այս աշխատանոցը կարեւոր առիթ է զանոնք փոխանցելու նոր սերունդներուն։ 

Եռօրեայ ձեռնարկը բաց է բոլոր փափաքողներուն եւ նպատակ ունի հայկական ժողովրդական պարերու վերարժեւորումը՝ համայնքային ու մշակութային հաղորդակցութեան մթնոլորտի մէջ։

http://www.bolsohays.com/

Յուլիս 23