Լիզպոն — Մի՛այն ինքն իր հետ համեմատելի
Հայկական առժարկաներուն յատկացուած պատը - © Շաքէ Մաթոսեան
Վերանորոգուած Կիւլպէնկեան թանգարանը
Աւելի քան մէկ տարուան շինարարական աշխատանքներէ ետք, Կիւլպէնկեան թանգարանը՝ «վերստին նորի պէս» (“De novo. Como novo”), Յուլիս 18-ին վերաբացաւ իր դռները հանրութեան առջեւ (1)։ Իւրաքանչիւր հայ գիտէ Գալուստ Կիւլպէնկեանի (1869-1955) անունը, որ ժամանակին կը կոչուէր «Պարոն 5 առ հարիւր»՝ իբրեւ ակնարկութիւն քարիւղի իր խելացի գործարքներէն ստացուած եկամուտներուն։ 1969-ին բացուած այս թանգարանը կը ցուցադրէ արուեստի գործերու եւ հազուագիւտ առարկաներու այն հաւաքածոն, զոր ձեռք բերած էր քարիւղի մեծահարուստը։ Անիկա կը բացայայտէ Կիւլպէնկեանի հաստատուն ճաշակը, սուր հայեացքն ու նրբանկատութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմաններու մերժումը, որ կը բնորոշէր անոր կեանքն ու մօտեցումը իրերուն հանդէպ։ Ծնած ըլլալով Թուրքիա, ապրելով Եգիպտոս, Լոնտոն եւ Փարիզ, նախքան իր կեանքը Լիզպոնի մէջ աւարտելը, Կիւլպէնկեան հաւաքած է ամենատարբեր բնոյթի, դարաշրջաններու եւ ծագման առարկաներ։ Անոր հաւաքածոն ի յայտ կը բերէ արուեստի նկատմամբ մօտեցում մը՝ զերծ այնքան դիւրին, որքան եւ պատրանքային աստիճանակարգումներէն։ Ինչպէս կը նշէ թանգարանի նոր տնօրէն Զաւիէ Սալոմոն, Կիւլպէնկեանի կահոյքին, յախճապակիին ու արծաթեղէնին անօրինակ որակն ու իշխանական շքեղութիւնը ցոյց կու տան «զարդարուեստի» լիիրաւ պատկանելիութիւնը բուն արուեստին։ Այս առումով, Կիւլպէնկեան վերականգնած է հաւաքածոներ կազմելու հնագոյն աւանդութիւնը, որ հաւասարապէս կ՚արժեւորէր թէ՛ հազուագիւտ գործուածքները եւ թէ՛ արձանները։ Գանձերու, թանգարաններու եւ մասնաւոր հաւաքածոներու պատմութեան նուիրուած իր գիրքին մէջ, Քշիշթոֆ Փոմիան (Krzysztof Pomian) այս վերջիններուն ի յայտ գալը կը տեղադրէ թէ՛ Չինաստանի եւ թէ՛ Հռոմի մէջ՝ Ք.ա. մօտաւորապէս առաջին դարուն։ Ան կ՚ընդգծէ, որ հաւաքորդը, անխուսափելիօրէն պատկանելով տնտեսական եւ ընկերային վերնախաւին, կ՚ուզէր ընդօրինակել արքայական չափանիշը. «պահպանուելու եւ տարածուելու ընդունակ մասնաւոր հաւաքածոյի ծնունդը, որ հետեւաբար վերածուած է ընկերային երեւոյթի, տեղի կ՚ունենայ, երբ գործ կ՚ունենանք քանի մը անհատներու հետ, նոյնիսկ սկիզբը սակաւաթիւ, որոնք հաւաքածոներ կը կազմեն եւ կը գտնուին ընկերային աստիճանակարգի գագաթին մօտ» (2)։ Մանրամասնելով անհատական հաւաքածոներու ծագումը հին Հռոմի մէջ, Փոմիան կը նշէ այլ յատկանիշ մը, որ կը գտնենք նաեւ Կիւլպէնկեանի մօտ՝ աշխարհի ընդլայնուած տեսլական մը, նուաճում մը ճամբորդութիւններու, առեւտուրի կամ պատերազմի միջոցով. «Յատկանշական է, որ Արեւելք եւ Յունաստան ղրկուած զօրավարները, ինչպէս նաեւ նահանգներու կառավարումով լիազօրուած քաղաքացիական անձերը առաջիններէն էին, որոնք ծաւալուն հաւաքածոներ կազմեցին։ Այսպէս, Պոնտոսի եւ Հայաստանի թագաւորութիւնները նուաճած Լուկիոս Լիկինիոս Լուկուլլոսը, առանձնանալով անձնական կեանքի մէջ, իր շուրջ կը հաւաքէր յոյն գրագէտները՝ բազմաթիւ գեղանկարներու եւ քանդակներու միջավայրի մը մէջ, զորս կ՚ամբողջացնէր չափազանց հարուստ գրադարան մը» (3)։
Հայկական առարկաներու պատը եւ նուիրատուի ներկայացումը. հիմնական յաւելում մը

Արդարեւ, Կիւլպէնկեան թանգարանը կ՚առաջարկէ ուղեւորութիւն մը դարաշրջաններու եւ քաղաքակրթութիւններու ընդմէջէն։ Ցուցադրուած առարկաները կու գան Ասիայէն, Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն, անոնցմէ ոմանք հազուագիւտ նմուշներ են, աշխարհի ամենագեղեցիկները, յատկապէս իսլամական արուեստի բաժինին մէջ, որ կ՚ընդգրկէ, ի շարս այլ հրաշալիքներու, շքեղ պարսկական գորգեր եւ մամլուքեան ապակեղէն՝ կատարեալ վիճակի մէջ։ Թանգարանի վերանորոգումը թոյլ տուաւ, շնորհիւ Ռազմիկ Փանոսեանի (Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն) եւ Ճեսիքա Հալլեթի (Իսլամական արուեստի, Չինաստանի եւ Հայկական արուեստի բաժիններու պահպանող-համադրող) հմտութեան, թանգարանի մէկ պատը յատկացնել այն հազուագիւտ հայկական առարկաներուն, որոնք կը պատկանէին Կիւլպէնկեանին։ «Armenia(s) — Armenia(n)» խորագիրը կրող փորթուկալերէն-անգլերէն երկլեզու ցուցատախտակ մը կը յիշեցնէ գործարարին ծագումը եւ կը բացատրէ, առանց Ցեղասպանութիւնը յիշատակելէ վարանելու, առարկաներուն (մասնաւորապէս՝ մանրանկարուած Աստուածաշունչերուն) սփիւռքեան տարողութիւնը, որպէս հետեւանք հայոց պատմութեան վերիվայրումներուն։ Ուրախալի է նաեւ տեսնել, որ նուիրատուին ձօնուած ընդարձակ կենսագրական նշում մը վերջապէս զետեղուած է թանգարանի մուտքի պատերէն մէկուն վրայ։ Ինչպէս յայտարարած է Ռազմիկ Փանոսեան, մէջբերուած՝ փորթուկալական «Expresso» շաբաթաթերթին կողմէ. «70 տարի ետք, հիմնադիրը ներկայ պիտի ըլլայ իր իսկ թանգարանին մէջ։ Ասիկա յատկանշական նորութիւն մըն է» (4)։

Տեսնել եւ ցուցադրել, քալել եւ շնչել
Հազուագիւտ եւ արժէքաւոր առարկաներու իւրացման ընդմէջէն, իւրաքանչիւր հաւաքորդ կ՚ամրապնդէ իր զօրութեան եւ ընկերային դիրքին պատկերը, որոնք կ՚արտացոլուին նաեւ նուիրատւութեան միջոցով։ Հաւաքորդին ներկայութիւնը հաւաքածոյին մէկ մասն է, զայն կը կենդանացնէ. նուիրուած առարկաներուն մէջ կը գոյատեւէ նուիրատուին ոգին՝ փոլինեզացիներու հանրածանօթ «մանա»-ն, որ Մարսէլ Մոսս ուսումնասիրած էր իր «Ակնարկ նուէրի մասին» (Essai sur le don, 1925) աշխատութեան մէջ։ Հաւաքորդ-նուիրատուին (մահացած՝ 1955-ին) եւ անոր հաւաքածոյին ոգին, այնպէս ինչպէս ան կազմուած ու ցուցադրուած էր 1969-ին՝ թանգարանի բացման ատեն, մղած է Ֆրետերիք Լատոնիեւ Թերեզա Նունիշ տա Փոնթէի գլխաւորած աշխատանքային խումբը՝ «վերստեղծելու թանգարանի նախնական մթնոլորտը՝ վերահաստատելով տարածութեան, նիւթերու եւ լոյսի միջեւ ճարտարապետական ներդաշնակութիւնն ու կապը, միաժամանակ վերականգնելով այցելուին շրջայցի սահունութիւնը»։ Նախնական ոգիին հանդէպ յարգանքը կամ հպատակութիւնը կը թուի ըլլալ առաջնորդող բնաբան մը, որ կը կրկնուի այս վերանորոգման բոլոր բանաւոր եւ գրաւոր ներկայացումներուն մէջ։ Տարբեր դերակատարներ կը պնդեն այն աշխատանքային հիմքին վրայ, որ հանդիսացած են ժամանակի փաստաթուղթերն ու լուսանկարները, որոնք մանրակրկիտ զննուած են՝ նախնականը վերագտնելու եւ, այսպէս ըսած, նոյնականը, բայց աւելի լաւը ստեղծելու համար։ Հետեւաբար, յայտնաբերելու յանդուգն ոչինչ կայ. անիկա ապահով է՝ ակունքի յաւերժութեան պէս, գեղեցիկ է՝ Պղատոնի անշարժ Գաղափարին պէս, բայց, ի վերջոյ, ասիկա շատ աւելի նախընտրելի է որոշ թանգարաններու կողմէ որդեգրուած «տիզնիլենտացումներէն»: Կան, սակայն, ժամանակակից միջոցներու դիմելու խելամիտ ձեւեր՝ առանց անոնց ներխուժող բնոյթ տալու, հանրութեան մէկ մասը (յատկապէս երիտասարդները) գրաւելու համար, որպէսզի բացայայտեն ցուցադրուած առարկաներու համածիրը։


Վերանորոգուած թանգարանին մէջ բոլոր նիւթերը, անոնց կառուցուածքն ու գոյնը ծրագրուած են նախնական ներկայացման համահունչ՝ միաժամանակ ընդգրկելով արհեստագիտական եւ անվտանգութեան բարելաւումներ. գերզտիչ ապակիներ, նոր լուսաւորում, ցուցափեղկերու միջեւ աւելի լաւ երթեւեկ։ Որոշ ուշադրութիւն ընծայուած է գործերու ընկալման. մենք կը նայինք աչքերով, բայց կը քալենք մեր ոտքերով, որոնք անպայմանօրէն անխելք չեն։ Այսպէս, բաժինէ մը միւսը անցումը կը նշմարուի յատակի ծածկոյթի փոփոխութեամբ. որոշ բաժանմունքներու (Եգիպտոս, Միջագետք, Ասորեստան, յունահռոմէական հնադար) մարմարէ յատակը կամաց-կամաց տեղի կու տայ 60-ական թուականներու տիպիկ տարր հանդիսացող գորգաշերտին (moquette), որ կը ծածկէ եւրոպական սքանչելի գեղանկարներուն (Քարփաչօ, Ռուպենս, Վան Տայք, Ֆրանս Հալս, Ռեմպրանտ, Կուարտի, Կէյնսպորօ, Ֆրակոնար, Քորօ, Ռընուար, Պուշէ, Մանէ, Տեկա, Մոնէ…) կամ Հուտոնի Տիանային՝ Եկատերինա Ռուսի կայսրուհիին պատկանող մարմարեայ արձանին յատկացուած տարածքը։ Կիւլպէնկեան զայն գնած է Էրմիթաժի թանգարանէն 1930-ին. անիկա այժմ կը հսկէ գործերու հաւաքածոյին վրայ (զորս Կիւլպէնկեան կ՚անուանէր իր «աղջիկները»)՝ պատրաստ՝ նետ մը արձակելու անոր վրայ, որ կը համարձակի նայիլ այն բանին, զոր տեսնել արգիլուած է իրեն։

Ուրեմն, գորգաշերտը…։ Դեղնաւունի եւ կանաչաւունի միջեւ տատանող անոր գոյնը կը համապատասխանէ պարտէզի խոտին, զոր կարելի է տեսնել գրեթէ մշտապէս՝ ի հրճուանս աչքի։ Ճիշդ ինչպէս գորգերուն վրայ հիւսուած բուսական նախշերը վերստին կեանք կ՚առնեն լուսամուտներէն երեւցող բնապատկերին մօտիկութեամբ, նոյնպէս ալ մամռոտ գորգաշերտը կը փորձէ գործերը մօտեցնել կենդանի եւ լուսաւոր աշխարհի մը, որ իրական է, քանզի՝ փոփոխական։ «Նախնական» մթնոլորտի որոնումին յատուկ անշարժութիւնը կը ստանայ կենսարար թթուածինի շունչ մը, որ կը կենդանացնէ մտքի աչքը։ Ի դէպ, հարկ է խօսք մըն ալ ըսել այս դրախտային պարտէզին մասին, որ նոյնպէս ոչ շատ վաղ անցեալին վերանորոգուեցաւ (թէեւ աշխատանքները ձգձգուած էին), ընդգրկելով տարածքի ընդլայնում մը՝ իրականացուած հիանալի ճարտարապետեր Վլատիմիր Ճուրովիչի (բնապատկերի ճարտարապետ) եւ Քենկօ Քումայի կողմէ։ Միջազգային համբաւ վայելող այս ճափոնցին իրագործած է յանդուգն եւ օդաշարժական (aérodynamique) ձեւով պաշտպանիչ տանիքի մը նմանող կառոյց մը՝ մեղսակցելով բնապատկերին հետ, զոր ո՛չ կը կտրէ, ո՛չ ալ կը խաթարէ։ Քումա կրցած է ստեղծել իսկական մթնոլորտ մը (առ առաւել՝ նրբօրէն բուրաւէտ), որ կը խուսափի որեւէ վերարտադրութենէ, ընդօրինակումէ, նախնականին կնիքը որպէս չափանիշ ընդունելէ։ Թանգարանի այցելութիւնը այսպէսով տեղի կ՚ունենայ բնապատկերի ներկայութեամբ, որ կ՚առաջարկէ լոյսի փոփոխութիւններ՝ ըստ եղանակներուն, սաղարթներու խտութեան, ծաղիկներու թափելուն եւ բողբոջելուն։ Նման երեւոյթներ մատնանշուած են, բայց փոխարէնը ոչինչ ըսուած է գործերու մեր ընկալման վրայ կենդանական շարժումներու հաւանական ազդեցութեան մասին։ Եթէ բադերու երթեւեկը եւ բադիկներու ուրախալի յայտնութիւնը պահ մը կ՚ընդհատեն մեր կեդրոնացումը, անոնք, այնուամենայնիւ, կը վերակենդանացնեն տեսնելու բուն արարքին յատուկ էական ուրախութիւն մը։ Քանզի, ցրուած աչքը կ՚որսայ նշաններ, որոնք շատ յաճախ կը վրիպին կաղապարուած աչքէն։

Նախնականին մթութիւնները
Յայտնի է, որ Կիւլպէնկեան աջակցած է բազմաթիւ հայկական բարեսիրական միութիւններու, որոնք կ՚օգնէին եւ կը պաշտպանէին Ցեղասպանութենէն վերապրածները, կը հոգային դպրոցները, հիւանդանոցներն ու որբանոցները։ Գիտակցելով իր կարողութեան հսկայական ծաւալին՝ քարիւղի մեծահարուստը ուզած է ընդլայնել բարեսիրութեան դաշտը՝ հիմնելով միջազգային առաքելութեամբ հիմնարկ մը՝ ի նպաստ մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան եւ մարդասիրութեան (տարբերանշանի քառաձի մարտակառքով խորհրդանշուող չորս սիւները)։ Բայց ո՞ւր կ՚ուզէր ան հաստատել այս Հիմնարկը։ Կիւլպէնկեան այս մասին յստակ հրահանգներ չէ ձգած, եւ արուեստի գործերու մէկտեղումը Թանգարանի մը ստեղծման մէջ կը կազմէ խնդրին մէկ մասը։ Լոնտոն, Փարիզ, Միացեալ Նահանգներ. ահա նախատեսուած վայրերը, բայց ոչ երբեք՝ Լիզպոն։ Կիւլպէնկեանին մօտիկ եւ անոր գործերուն տեղեակ միակ անձը անոր փաստաբանն ու վստահելին էր՝ լորտ Ռատքլիֆ։ Աստղիկ Չամքերթէն կը յիշեցնէ Կիւլպէնկեանի այս խօսքը, երբ իրեն կը հարցնէին իր ժառանգութեան մասին. «Ռատքլիֆ գիտէ, թէ ես ինչ կ՚ուզեմ»։ Հեղինակը իր՝ 2010 թուակիր գիրքին մէջ կ՚աւելցնէ. «Աւա՜ղ, շատ քիչ բան գրուած է այս մասին, բայց այն գաղափարը, թէ Կիւլպէնկեան կ՚ուզէր ստեղծել համամարդկային բարօրութեան ծառայող միջազգային հիմնարկ մը, յստակօրէն կը բխի երկու բարեկամներու նամակագրութենէն […] Գալուստ Կիւլպէնկեան կը փափաքէր նաեւ, որ իր հաւաքածոն մէկտեղուի միեւնոյն յարկին տակ, առանց սակայն մահուան պահուն ընտրած ըլլալու վայրը» (5)։ Արդարեւ, այն ինչ որ անշահախնդրութեան եւ անտրամաբանականութեան (irrationalité) տեսաբան Ճոն Էլսթըր կը նշէր «պաղ» անտրամաբանականութեան մասին, կարծես հիանալիօրէն կը յարմարի վայրի ընտրութեան այս անորոշ ու կախեալ վիճակին. «Կրնայ ըլլալ նախասիրութիւններու փոփոխութիւն՝ առանց որեւէ բան պատահելու, բացի ժամանակի հոսքէն։ Ասիկա պաղ անտրամաբանականութեան յարացուցային (paradigmatique) օրինակ մըն է» (6)։
2010-էն ի վեր պատմական առարկայականութեան որոշ կամք մը եւ թափանցիկութեան երկչոտ հրամայական մը մասամբ նուազեցուցին այն մթութիւնը, որուն մէջ կը շարունակէ մնալ Հիմնարկի եւ հետեւաբար Թանգարանի ստեղծման պատմութիւնը։ Յուլիս 10-ին, Քրիսթիանա Մարթինս եւ Լուսիանա Լայտերֆարպ յօդուած մը հրապարակեցին «Expresso»-ի մէջ (որուն յղում կատարուեցաւ վերը). անիկա շատ հետաքրքրական հետաքննութիւն մըն է, որ ցոյց կու տայ Կիւլպէնկեանի փորթուկալցի փաստաբան Ժոզէ Ազերետօ Փերտիկանոյի (1896-1993) եւ փորթուկալցի բռնապետ Սալազարի (1889-1970) միջեւ հաստատուած կապերը, իրագործելու համար այն ինչ, որ Ճոնաթան Քոնլին հանգամանալից եւ վաւերագրուած ուսումնասիրութեան մը մէջ անուանած է կտակին «իւրացումը» Փորթուկալի կողմէ. «Փերտիկանօ գործակցեցաւ Սալազարի հետ՝ հիմնարկը Փորթուկալի կողմէ գրաւելու համար» (7)։ Արդարեւ, Փերտիկանօ կրցած է արգիլել Ռատքլիֆի մուտքը Տնօրէններու խորհուրդէն ներս, եւ առայժմ ո՛չ Կիւլպէնկեան ընտանիքէն որեւէ անդամ, ո՛չ ալ ոեւէ հայ՝ աթոռ կը գրաւէ հոն։ Հետաքննութիւնը, անկասկած, աւարտած չէ։
Կիւլպէնկեանի պարագային տեղի ունեցաւ նաեւ այն, ինչ որ պատահեցաւ ԺԵ. դարու իտալացի եւ ֆրանսացի հաւաքորդ իշխաններուն, որոնց մասին Քշիշթոֆ Փոմիան կը գրէ. «անոնց հաւաքածոները ապրեցան շատ աւելի երկար, քան մարդասէրներունը… Անոնք մեծ մասամբ աւարտեցան թանգարաններու մէջ՝ երբեմն ոլորապտոյտ ճամբաներով» (8)։
ՇԱՔԷ ՄԱԹՈՍԵԱՆ ■
Ֆրանսերէնէ թարգմանութիւնը՝ «ՆՅ»
_____
(1) https://gulbenkian.pt/museu/en
(2) Քշիշթոֆ Փոմիան, Le musée, une histoire mondiale, հտ. Ա., Փարիզ, Կալիմար հրատ., 2020, էջ 86։
(3) Ք. Փոմիան, նշ. աշխատութիւն, էջ 89։
(4) Քրիսթիանա Մարթինս եւ Լուսիանա Լայտերֆարպ, «A māo de Salazar embalou o berço da Fundaçāo : a história de Gulbenkian em Portugal», Expresso, 10 Յուլիս 2026։
(5) Աստղիկ Չամքերթէն, Calouste Sarkis Gulbenkian, Կիւլպէնկեան հիմնարկ, Լիզպոն, (2010) – 2018, էջ 65։
(6) Ճոն Էլսթըր, Rationalité et sciences sociales, https://www.college-de-france.fr/media/jon-elster/UPL1883_Jon_Elster_cours_0708.pdf։
(7) Ճոնաթան Քոնլին, «Philanthropy without borders: Calouste Gulbenkian’s founding vision for the Gulbenkian Foundation», Análise Social, Լիզպոնի համալսարանի Ընկերային գիտութիւններու հիմնարկ (Instituto Ciências Sociais da Universidade de Lisboa), 2010, հտ. 45, թիւ 195 (2010), էջ 277-306։ https://www.jstor.org/stable/41012798։
(8) Ք. Փոմիան, նշ. աշխատութիւն։
