Նարեկ Կարապետեանի դէմ քրէական հետապնդում կը յարուցուի
ԿԸՅ-ն մերժած է զայն կալանաւորելու պահանջը
Գլխաւոր դատախազութիւնը հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ընտրական ցանկի թիւ մէկի՝ Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ։ Ան կը մեղադրուի բռնութեան կամ սպառնալիքի միջոցով անձերը հաւաքի մասնակցելու հարկադրելու եւ առանձնապէս մեծ չափերով փողերու լուացման յանցանքով, որ կը նախատեսէ մինչեւ 12 տարի ազատազրկում։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) համաձայնութիւն տուած է Կարապետեանին մեղադրանք առաջադրելու, սակայն մերժած եւ ետ դարձուցած է զայն կալանաւորելու դատախազութեան պահանջը։ ԿԸՅ-ի նախագահ Վահագն Յովակիմեան բացատրած է, որ հիմնուելով Սահմանադրական դատարանի որոշումին վրայ՝ ընտրուած երեսփոխանը ազատութենէ զրկելու լիազօրութիւնը դուրս է ընտրական յանձնաժողովի իրաւասութիւններէն եւ կը պատկանի միայն Ազգային ժողովին։
Կարապետեանի փաստաբան Արամ Վարդեւանեան լրագրողներուն յայտնած է, որ գործընթացը ամբողջութեամբ քաղաքական բնոյթ կը կրէ եւ ներկայացուած հսկայածաւալ նիւթերուն մէջ Կարապետեանի անունը նոյնիսկ շօշափուած չէ։ Ան նաեւ նշած է, որ Կարապետեանին կալանաւորում կամ տնային կալանք չի սպառնար։
Միւս կողմէ, «Ուժեղ Հայաստան»-էն նոր երեսփոխանական լիազօրագիր ստացած Դաւիթ Ղազինեանն ու Հայկ Սուքիասեանը, որոնք այժմ կալանքի տակ կը գտնուին, փաստաբանին համաձայն, պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին՝ դարձեալ հիմք ընդունելով Սահմանադրական դատարանի նոյն որոշումը։ Անոնց խափանման միջոցը վերացնելու պահանջով արդէն իսկ հրատապ դիմումներ ներկայացուած են։ Նարեկ Կարապետեան տակաւին հրապարակային որեւէ մեկնաբանութիւն չէ կատարած։
