Պատմութիւնը ջուրի երես կ՚ելլէ 

Վան-1

Վանայ լիճի նահանջը հայկական հնադարեան գերեզմանատուն եւ խաչքարեր երեւան կը հանէ

Վանայ լիճի ջուրերուն աննախադէպ ու շարունակական նահանջը բնապահական մտահոգութիւններու կողքին, անակնկալօրէն պատմական անգին գանձեր ջուրի երես կը հանէ։ Ինչպէս կը վկայեն ամերիկահայ «US Armenians» լրատուական հարթակին եւ հայրենի «Unexplored Armenia» (Չբացայայտուած Հայաստան) ծրագրին հրապարակած վերջին տուեալներն ու լուսանկարները, լիճին ցամքած ափերուն վրայ յայտնաբերուած են հարիւրաւոր հայկական խաչքարեր ու տապանաքարեր, որոնք դարերէ ի վեր թաղուած մնացած էին ջուրերուն տակ։

Ըստ հնագէտներու եւ մշակութային ժառանգութեան մասնագէտներու ուսումնասիրութիւններուն, երեւան եկած այս յուշարձանները կը պատկանին ԺԵ.-ԺԶ. դարերուն։ Անոնք մաս կազմած են ժամանակի հայաշատ Վանի պատմական հսկայական գերեզմանատան, որուն գոյութիւնը կրկին կը հաստատէ Վասպուրական նահանգին՝ հայոց հոգեւոր եւ մշակութային գլխաւոր կեդրոններէն մէկը ըլլալու փաստը՝ հազուագիւտ հնարաւորութիւն ընձեռելով իւրայատուկ ակնարկ մը նետելու տարածաշրջանի հարուստ պատմութեան վրայ։

Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ լիճի մակարդակին անկումը ի յայտ կը բերէ մեր պատմական ժառանգութեան անյայտացած բեկորները, սակայն այս անգամուան գիւտը յատկապէս ուշագրաւ է իր ծաւալով ու նշանակութեամբ։ Այժմ հրատապ անհրաժեշտութիւն է մասնագիտական մօտեցումով գիտականօրէն վաւերագրել զանոնք, նախքան բնութեան տարերքին ու մարդկային անփութութեան անդառնալի վնասներ հասցնելը հայոց պատմութեան այս խօսուն վկաներուն։