Շուրջ 13 հազար հանդիսատես՝ Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի 20-րդ յոբելինական համերգաշրջանի փակման
Յուլիս 21-ի երեկոյեան, Երեւանի Կասկադ համալիրի Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզը վերածուած էր բացօթեայ հսկայական համերգասրահի մը։ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը հանդիսաւորապէս եզրափակեց իր 20-րդ յոբելինական համերգաշրջանը՝ հազարաւոր երաժշտասէրներու պարգեւելով յիշարժան երաժշտական երեկոյթ մը։
Բացօթեայ այս եզրափակիչ համերգին ներկայ էր շուրջ 13 000 հանդիսատես։ Մաէսթրօ Սերգէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ, ներկաները միասնաբար վայելեցին համաշխարհային դասական երաժշտութեան լաւագոյն ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ կատարումներ՝ նուագախումբին սիրուած երգացանկէն։
Մեզ կը սպասէ նոր համերգաշրջանը, որ կը խոստանայ նոր ծրագրեր, նոր հանդիպումներ եւ երաժշտական նոր բացայայտումներ։
