ԵԱՀԿ-ի թուրք ընդհանուր քարտուղարին խոստումը՝ աջակցելու Կաթողիկոսի հեռացման
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու
Հայ իրաւապաշտպաններու զայրոյթն ու կոչը
Յայտարարութիւն՝ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ վերաբերեալ կատարած արտայայտութիւններուն մասին
«Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոնը, Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէն, Եւրոպայի մէջ կրօնքի ազատութեան ֆորումը եւ Միջազգային քրիստոնէական զօրակցութիւնը (Christian Solidarity International) իրենց խոր մտահոգութիւնը կը յայտնեն եւ կը դատապարտեն Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ/OSCE) ընդհանուր քարտուղար, Թուրքիոյ քաղաքացի Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի ձայնագրուած արտայայտութիւնները։ Այդ արտայայտութիւններուն մէջ ան, ըստ էութեան, պատրաստակամութիւն յայտնած է իր գրասենեակին աջակցութիւնը տրամադրելու Հայաստանի կառավարութեան՝ Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ առաջնորդ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը հեռացնելու արշաւին մէջ։ Այն հանգամանքը, որ կազմակերպութեան մը ամենաբարձրաստիճան պաշտօնատարը, որուն հիմնական պարտաւորութիւններուն առանցքը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է, թէեւ հպանցիկ, բայց այնուամենայնիւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ աջակցելու նման խնդրանքի մը, խորապէս մտահոգիչ է եւ անյապաղ ու հրապարակային պարզաբանում կը պահանջէ։

Մենք կը գիտակցինք, թէ ի՛նչ հանգամանքներու տակ հնչած են այդ յայտարարութիւնները։ Անոնք կորզուած են ռուս կատակաբաններու («pranker») կողմէ, որոնք հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին ներկայացած են իբրեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Զրոյցը հրապարակուած է Յուլիս 8-ին։ Նշեալ կատակաբանները քաղաքական գործիչներն ու պաշտօնատար անձերը թիրախաւորելու փաստագրուած պատմութիւն ունին՝ հասարակական զգայուն հարցերու շուրջ յայտարարութիւններ ստանալու նպատակով։ Մենք չենք արդարացներ նման խաբէութեան կիրարկումը։ Եւ թէեւ կը գիտակցինք, որ զրոյցը հնարքով հրահրուած էր, այնուամենայնիւ ընդհանուր քարտուղարին խօսքերը կը բացայայտեն այնպիսի դիրքորոշում մը, որ անհամատեղելի է իր պաշտօնի պարտաւորութիւններուն հետ։
Զրոյցին ընթացքին ընդհանուր քարտուղարը Ամենայն հայոց կաթողիկոսը մեղադրած է Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցին քաղաքականացնելու յանցանքով։ Այնուհետեւ ան համաձայնած է «ուսումնասիրել», թէ ԵԱՀԿ-ն ինչպէ՛ս կրնայ աջակցիլ Հայաստանի վարչապետ ներկայացող անձին՝ կաթողիկոսը պաշտօնանկ ընելու հարցին մէջ։ Երբ ընդհանուր քարտուղարը հարցուցած է, թէ արդեօք ան կրնա՞յ «փոխել կաթողիկոսը», ՀՀ վարչապետ ձեւացող անձը պատասխանած է, թէ «կը դիտարկէ բոլոր հաւանական ճամբաները»։ Ան խնդրած է ընդհանուր քարտուղարին աջակցութիւնը այն պարագային, երբ այդ քայլը հանրային որեւէ քննադատութեան արժանանայ, ինչին ընդհանուր քարտուղարը պատասխանած է. “Լա՛ւ, կ՚ընեմ առաւելագոյնը, կը փորձեմ”։ Զրոյցի որեւէ հանգրուանին ընդհանուր քարտուղարը չէ առարկած, որ կրօնական առաջնորդի մը հարկադիր հեռացումը պետութեան կողմէ պիտի խախտէր ճիշդ այն հիմնական ազատութիւնները, որոնց պաշտպանութեան կոչուած է ԵԱՀԿ-ն։
1975 թուականի Հելսինքեան եզրափակիչ փաստաթուղթի 7-րդ սկզբունքը կը սահմանէ ԵԱՀԿ-ի հիմնական յանձնառութիւնը՝ «մարդու իրաւունքներու եւ հիմնական ազատութիւններու յարգում, ներառեալ միտքի, խղճի, կրօնքի կամ դաւանանքի ազատութիւնը»։ Այս յանձնառութիւնը բազմիցս վերահաստատուած է եւ պարտադիր է ԵԱՀԿ-ի անդամ բոլոր 57 պետութիւններուն, ներառեալ՝ Հայաստանին համար։ Կրօնական կազմակերպութիւններու ինքնավարութիւնը եւ իրենց ներքին ու կանոնական գործերը ինքնուրոյն կարգաւորելու ազատութիւնը այս երաշխիքի առանցքային բաղադրիչներն են։ Քանի որ ընդհանուր քարտուղարին վերապահուած է այս յանձնառութեան պահպանման պատասխանատւութիւնը, ան նոյնիսկ զուսպ աջակցութիւն պէտք չէ ցուցաբերէ այնպիսի կառավարութեան մը, որ տրամադրուած է պաշտօնանկ ընելու եկեղեցւոյ առաջնորդը։
Այս յայտարարութիւնները չեն կրնար մեկուսի դիտարկուիլ։ 2025 թուականի Մայիսէն ի վեր Հայաստանի կառավարութիւնը համակարգուած եւ շարունակական արշաւ կ՚իրականացնէ Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ նկատմամբ, ինչ որ ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան դէմ ուղղուած աւելի լայն յարձակումի մը մասն է։ Վարչապետ Փաշինեան հրապարակաւ կոչ ըրած է հեռացնելու Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը, հրապարակած է զայն պաշտօնանկ ընելու քայլերու «ճանապարհային քարտէս» մը, ինչպէս նաեւ անհիմն մեղադրանքներ հնչեցուցած է Կաթողիկոսի եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հասցէին։ Կաթողիկոսին եւ շարք մը եպիսկոպոսներու նկատմամբ կիրարկուած են երկրէն դուրս ելլելու սահմանափակումներ, իսկ բարձրաստիճան հոգեւորականներ կալանաւորուած են քրէական մեղադրանքներով, որոնք, ըստ երեւոյթին, քաղաքական դրդապատճառներ ունին։ Իրենց ամբողջութեան մէջ՝ այս գործողութիւնները պետութեան կողմէ կազմակերպուած ջանքեր են, որոնց նպատակն է եկեղեցին ենթարկել կառավարութեան կամքին՝ վտանգի տակ դնելով Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման սկզբունքը։
Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցին քաղաքական վէճի սովորական կողմ չէ։ 301 թուականին Հայաստանի կողմէ քրիստոնէութեան իբրեւ պետական կրօնք ընդունուելէն ի վեր, եկեղեցին վճռորոշ դեր ունեցած է հայ ժողովուրդի լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ։ Այդ դերը Հայաստանի Սահմանադրութեան 18-րդ յօդուածով ճանչցուած է իբրեւ անոր «բացառիկ առաքելութիւնը»։ Ի տարբերութիւն ընդհանուր քարտուղարի պնդումին, թէ կաթողիկոսը կը քաղաքականացնէ եկեղեցին, ան իրականութեան մէջ ձգտած է կատարել ճիշդ այդ սահմանադրական առաքելութիւնը՝ պաշտպանելով հայ ժողովուրդի, ներառեալ 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղէն ցեղային զտման ենթարկուած հայութեան իրաւունքները։ Հետեւաբար, պետութեան կողմէ կաթողիկոսը պաշտօնանկ ընելու որեւէ փորձ կը խախտէ ոչ միայն կրօնքի ազատութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները, այլեւ երկրի սահմանադրական կարգը։
Այս բոլորի լոյսին տակ, մենք կոչ կ՚ընենք ընդհանուր քարտուղար Սինիրլիօղլուին՝ հրապարակաւ պարզաբանելու եւ չեղեալ նկատելու որեւէ առաջարկ, թէ ԵԱՀԿ-ն կրնայ աջակցիլ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի պաշտօնանկութեան կամ որեւէ այլ կերպ միջամտել Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ներքին կառավարման։ Կը պահանջենք նաեւ վերահաստատել Հայաստանի մէջ կրօնքի կամ համոզումներու ազատութեան պաշտպանութեան նկատմամբ ԵԱՀԿ-ի յանձնառութիւնը՝ իր մարդկային չափանիշի ծիրէն ներս ստանձնած պարտաւորութիւններուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն սկսիլ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ՝ ապահովելու համար Հայ եկեղեցւոյ, անոր հոգեւորականներուն ու հաւատացեալներուն իրաւունքներուն լիարժէք պաշտպանութիւնը։
Մենք կը յայտնենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ հանդիպելու ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչներուն հետ՝ լրացուցիչ տեղեկութիւններ ու մտահոգութիւններ ներկայացնելու համար, եւ ուշադիր պիտի հետեւինք կազմակերպութեան ղեկավարութեան գործունէութեան։ ԵԱՀԿ-ի ղեկավարը պէտք է ըլլայ կրօնքի ազատութեան խախտումներուն դէմ պաշտպանական պատնէշ մը, եւ ոչ թէ անոնց կամաւոր աջակիցը։ Հրապարակուած արտայայտութիւններուն վկայութեամբ՝ ընդհանուր քարտուղար Սինիրլիօղլուն ձախողած է այս քննութիւնը եւ այժմ պարտաւոր է յստակացնելու իր դիրքորոշումը»։
- Ճոն Այպնըր – Նախագահ՝ Միջազգային քրիստոնէական զօրակցութեան
- Եան Ֆիկէլ – Նախագահ, Եւրոպայի մէջ կրօնքի ազատութեան ֆորումի
- Ռաֆայէլ Իշխանեան – Նախագահ՝ Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոնի
- Սիրանուշ Սահակեան – Նախագահ՝ Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէի
